Արցախի 100-օրեայ Շրջափակման Առիթով Բողոքի Ցոյց՝ Սթոքհոլմի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցները կը շարունակեն իրենց ձայնը բարձրացնել աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ՝ իբրեւ աջակցութիւն Արցախի եւ արցախահայութեան:

ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդական միութիւնը, Մարտ 21-ին, Արցախի 100-օրեայ շրջափակման առիթով, մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ իրականացուցած է բողոքի ցոյց:

«Այսօր 100-րդ օրն է, որ Արցախի 120 հազար հայեր արգելափակուած են ազրպէյճանի կողմէ: Դադրեցուցէք Արցախի ցեղական զտումը: Բացէք Բերձորի միջանցքը»,- պահանջած են ցուցարարները: