Category: Աշխարհ
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ. ԵՌԱԳՈՅՆ
ԵՌԱԳՈՅՆ-ի սիրելի’ ընթերցողներ, Մեր աշխատակազմի անունով ջերմ բարեմաղթանքներով կը շնորհաւորենք ձեզ՝ Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի բերկրալի տօներուն առիթով։ Բոլորիդ կը մաղթենք՝ սէր, հաւատք, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն։
«Մենք Ենք, Մեր Սարերը» Յուշարձանը Հանուեցաւ Ատրպէյճանի Տաղաւարէն. Ապու Տապիի Փառատօն
ԵՌԱԳՈՅՆ.- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ, քաղաքի նախկին էմիր եւ Էմիրութիւններու նախկին նախագահ շէյխ Զայտ իպն Սուլթանի պատուին իրականացուած պատմամշակութային ժառանգութեան նուիրուած ամենամեայ փառատօնին՝ Ատրպէյճանը իր տաղաւարը ներկայացուցած էր […]
ՄԱԿ-ի Մէջ Տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ Յուշագիրը
Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ, Դեկտեմբեր 11-ին, տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած յուշագիրը՝ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ընթացքին անյայտ կորածներու հարցին շուրջ։ Փաստաթուղթը հրապարակուած է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքէջին […]
Սուրիոյ Քիւրտերը Մանպիճը Յանձնած են Ասատին
Սուրիոյ քրտական ուժերը յայտարարած են Մանպիճ շրջանէն դուրս գալու մասին: Այդ մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնի դարձած է Սուրիոյ քրտական «Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներ»ու (ԺԻՋ-YPG) յայտարարութենէն, ուր մասնաւորապէս ըսուած է. «Թուրքիոյ յարձակումէն […]
Գերմանիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորը Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները Դատապարտող Զեկոյց Ստորագրած է
Գերմանիոյ խորհրդարանի թուրք պատգամաւոր Սեւիմ Տաղտելէնը ստորագրած է խորհրդարանի` «Ձախեր»ու կուսակցական խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները քննադատող զեկոյցը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Ensonhaber-ը։ Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.«Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն […]
Դամասկոսի Մէջ Իր Դեսպանատունը Վերսկսաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց Դամասկոսի մէջ երկրի դեսպանատան վերաբացումը: Դեսպանատունը փակուած էր 8 տարի առաջ` Սուրիոյ դէպքերուն սկիզբէն ի վեր: Դամասկոսի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան […]
UNESCO-ն Հայկական Պորտասարը Ներառած է Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին Վրայ
UNESCO-ն որոշում կայացուցած է այժմեան Թուրքիոյ տարածքին վրայ գտնուող հայկական Պորտասարը (թրքական անուանումը` Գեոբեքլիթեփէ) ընդգրկել Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին վրայ: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ Euronews-ը: Աղբիւրին համաձայն` սոյն […]
Աթէնքի Կեդրոնը Պայթում` Եկեղեցւոյ Մօտ
Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի կեդրոնի Քոլոնաքի շրջանին մէջ` Ս. Դիոնիսիոս եկեղեցւոյ մօտ ռումբ մը պայթած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը՝ վկայակոչելով «Սփութնիք Յունաստան»-ը: Վիրաւորուած է ոստիկան մը, որ մօտեցած էր […]
Փաշինեան Փութինի Հետ Քննարկեց Երկկողմ Համագործակցութեան Հարցեր
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Դեկտեմբեր 27-ին, Մոսկուայի մէջ, հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափերով […]
Զոհրապ Մնացականեան եւ Սերգէյ Լաւրով Քննարկած են Հայ-ռուսական Դաշնակցային Յարաբերութիւններու Օրակարգի Հարցեր
Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան, Դեկտեմբեր 27-ին, հանդիպած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ: ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ […]










