Գերմանիան Կը Կրէ Յունաստանի Մէջ Նացիներու Ոճիրներուն Պատասխանատւութիւնը. Անկելա Մերքել

Աշխարհ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ընդունած է Յունաստանի բռնագրաւման ժամանակ նացիներու ոճիրներուն համար Գերմանիոյ պատասխանատւութիւնը, սակայն չէ պատասխանած վնասուց հատուցում տալու եւ այսպէս կոչուած «գրաւուած փոխառութիւն»-ը Յունաստանին վերադարձնելու վերաբերող հարցումին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովըսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Յունաստան աւելի քան 300 միլիառ եւրօ կը գնահատէ կորուստները 1941-1944 թուականներուն գերմանական բռնագրաւումին եւ գերմանացիներու կողմէ հարկադրաբար վերցուած փոխառութեան: Յունաստանի ղեկավարութիւնը պարբերաբար կը բարձրացնէ փոխհատուցման հարցը:

Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, Յունուար 11-ին, Աթէնքի նախագահական պալատին մէջ Մերքելի հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է, թէ Յունաստան մտադիր է դատարաններու միջոցով լուծել հարցը:

«Մենք կը կարծենք, որ Յունաստանի պահանջները իրաւաբանօրէն կը գործեն եւ կրնան բռնի գանձուիլ դատարանի միջոցով»,- ըսած է Յունաստանի նախագահը, որ կրթութեամբ իրաւաբան է: Ի պատասխան Մերքել ընդունած է նացիներու յանցագործութիւններուն համար բարոյական պատասխանատւութիւնը, սակայն չէ խօսած նիւթական պատասխանատւութեան մասին: