Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Քննարկումին Բրիտանացիներուն Ներկայացուեցաւ Գերիներու Հարցը

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 8 Մարտին յատուկ զեկուցումով հանդէս եկաւ Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած քննարկման ընթացքին` ներկայացնելով Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի գերիներուն՝ զինուորական ծառայողներու եւ […]

Թալէաթ Փաշայի Մասին «Ցեղասպանութեան Ճարտարապետ» Գիրքը Թրքերէնի Թարգմանուած Է

Օսմանեան վերջին շրջանի ու Թուրքիոյ պատմութեան յայտնի մասնագէտ Զիւրիխի համալսարանի փրոֆէսըր Հանս Լուգաս Գիզերի «Թալէաթ փաշայ, ժամանակակից Թուրքիոյ հայրը, ցեղասպանութեան ճարտարապետը» վերնագիրով գիրքը թարգմանուած է թրքերէնի: Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ թրքական որոշ […]

«1915ի Կիները»՝ Amazon Video-ի Միջոցաւ

Բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «1915ի Կիները» վաւերագրական ֆիլմը 8 Մարտէն՝ Կանանց միջազգային օրուընէ սկսեալ, կը սկսի ցուցադրուիլ նաեւ Amazon Video հարթակին միջոցաւ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։ «Արմէնոյտ» ընկերութեան արտադրած […]

ԱՄՆ Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Հայ Գերիներուն Ազատ Արձակումը Պահանջող Բանաձեւ Պիտի Ներկայացնէ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին Քոնկրեսի Հայկական համախումբի ղեկավարները Ներկայացուցիչներու տան պիտի ներկայացնեն բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ ազատ արձակելու գերի պահուող առաւել […]

Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորները Հայ Գերիները Վերադարձնելու Գծով Յստակ Քայլեր Կը Պահանջեն

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Քոսթաս Մաւրիտեսի (Կիպրոս, Ընկերվարականներու եւ Դեմոկրատներու խմակցութիւն) նախաձեռնութեամբ, բոլոր հիմնական խմբակցութիւններէն 30 եւրոխորհրդարանականներ հրատապ հարցում յղեցին Եւրոպական Միութեան արտաքին […]

Լիբանանեան Դրամանիշին Արժէքը Կը Շարունակէ Իր Գահավէժ Ընթացքը, Իսկ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Ամերիկեան տոլարի սակը կը գտնուի 11.000-ի սեմին, իսկ լիբանանեան դրամանիշի արժէքի անկումին, սղաճին, փտածութեան, տնտեսական տագնապին, անօթութեան ու աղքատութեան դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան ամբողջ շաբաթավերջին: «Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ տարբեր շրջաններու մէջ […]

Տեղահանուած Խումբ Մը Արցախցիներ Ցոյցեր Իրականացուցած են ՌԴ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի Դեսպանատուներուն Առջեւ

Երեւանի մէջ, խումբ մը հադրութցիներ եւ Արցախի տարբեր բնակավայրերէ տեղահանուած բնակիչներ, Մարտ 4-ին՝ Հադրութը վերադարձնելու պահանջով ցոյց իրականացուցած են Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատան առջեւ: Ցոյցը, «Ապառաժ»-ի տեղեկութիւններով, կազմակերպած է «Յանուն Հադրութի» […]

Էրտողանի Հրահանգով Արցախեան Պատերազմի Մասին Թուրք-ազրպէյճանական Ֆիլմ Պիտի Ստեղծուի

Մարտ 2-ին Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն ընդունած է Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովը: Հանդիպման ընթացքին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կողմերը քննարկած են հաղորդակցութեան, լրատուամիջոցներու, մշակոյթի, ֆիլմարտադրութեան բնագաւառներուն […]

Ազրպէյճան Տասնեակ Տարիներ կը Պատրաստուէր Պատերազմի. Յունաստանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպա­ն

Յու­նաս­տա­նի եւ Ազր­պէյ­ճա­նի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ստեղ­ծո­ւած ծանր մթնո­լոր­տին, Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած վեր­ջին պա­տե­րազ­մին եւ ­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­զե­րի դես­պան Ա­նար ­Հիւ­սէյ­նով, հար­ցազ­րոյց մը տա­լով յու­նա­կան ազ­դե­ցիկ […]

Կոչ Կ՝ընեմ Ազրպէյճանին Անյապաղ Ազատ Արձակել Բոլոր Հայ Գերիները. Եւրոպական ՄԻՊ Գլխաւոր Քարտուղար

Եւրոպական Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի գրասենեակի գլխաւոր քարտուղար Ժոզէֆ Սիկելէի յայտարարութիւնը Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի գերիները՝ զինծառայողներն ու քաղաքացիական անձերը անյապաղ ազատ արձակելու վերաբերեալ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ […]