«Տքնաջան Աշխատանք Կը Տանինք, Որպէսզի Դուք Ստանաք Պատշաճ Պատասխան». Սպիտակ Տունը Պատասխանած է Հայ Պատմաբաններուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կարեւոր համարելով այն հանգամանքը, որ ԱՄՆ Քոնկրեսն ու Ծերակոյտը արդէն ընթացքի մէջ դրած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը եւ վերջին փուլով ատիկա արդէն ԱՄՆ նախագահի իրաւասութիւնն է, Հայաստանի պատմագէտներու ընկերակցութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնարանը, Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանը, ողջ գիտական հանրութիւնը միացեալ նամակով դիմել էր ԱՄՆ նախագահին՝ Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, որպէսզի ատկէ հետեւութիւն ընէին «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու հարցով։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, ըսաւ ՀՀ Գիտութեան Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ԳԱԱ-ի մէջ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն․ Թուրքիոյ պատասխանատւութիւնը երէկ եւ այսօր» կլոր սեղան-քննարկման ընթացքին։

Ան նշեց, որ այդ նամակը ուղարկուած էր ԱՄՆ՝ Ճօ Պայտընին, նամակը հասած էր Սպիտակ տուն եւ իրենք այնտեղէն ստացած են պատասխան, որուն բնօրինակն ալ Աշոտ Մելքոնեանը հրապարակեց։

Հայ պատմաբաններուն՝ Սպիտակ տան պատասխանին մէջ կը նշուի, որ ԱՄՆ նախագահ Պայտընը եւ փոխնախագահ Հարիսը կը գնահատեն իրենց հետ շփուելու իւրաքանչիւր հնարաւորութիւն, եւ վարչակազմը շնորհակալ է տեղեկատւութեան համար։

«Մեր երկիրը կը բախի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, եւ ձեր նմանօրինակ նամակները կ՝օգնեն մեզի աւելի պարզ եւ լաւ հասկնալու, թէ ինչպէս Պայտըն-Հարիս վարչակազմը կրնայ օգտակար ըլլալ ձեզի։ Մենք ուշադիր նկատի կ՝առնենք մեր ստացած առաջարկները, միտքերը, հարցումներն ու պատմութիւնները եւ
կ՝աշխատինք տքնաջան, որպէսզի դուք ստանաք պատշաճ պատասխան»,- ըսուած է նախագահ Պայտընի նամակագրութեան գրասենեակին ուղարկած պատասխանին մէջ։

Նշենք, որ ԱՄՆ նախորդ նախագահներէն միայն Ռոնալտ Ռէկընը գործածած է այդ բառը, եւ անկէ ետք «Եղեռն» բառը գործածելով՝ կը փորձուի «Ցեղասպանութիւն» բառը շրջանցել։

Մանրամասն՝ տեսնիւթով․