Ըմբշամարտիկ Արման Անդրէասեան Հռչակուեցաւ Եւրոպայի Պրոնզէ Մետալակիր

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշ Արման Անդրէասեան պրոնզէ մետալ նուաճեց Վարշաւայի մէջ ընթացող ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Մեր 70 քկ քաշային մարզիկը 3-րդ տեղի գօտեմարտին՝ 4:3 հաշուով յաղթեց մոլտովացի Միխայիլ Սաւային:

Յիշեցնենք, որ ան կիսաեզրափակիչին ռուսաստանցի Իսրայիլ Գասումովին զիջած էր մէկ միաւորի տարբերութեամբ` 3:4: