Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բարձրաձայնուած Է Մուշի Հին Հայկական Թաղամասի Քանդման Հարցը

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ իշխանութիւններու գործուն աջակցութեամբ տակաւին կը ջնջուին Թուրքիոյ մէջ հայկական հետքերը: Թուրքիոյ կառավարութեան բնակելի շէնքերու հարցերով զբաղող վարչութիւնը (TOKİ)՝ քաղաքաշինական ծրագիրի անուան տակ՝ քանդած է Մուշ քաղաքի Քալէ թաղամասի պատմական հայկական բոլոր տուները, բացառութեամբ մէկին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Մուշի քաղաքապետարանի եւ յիշեալ վարչութեան գործակցութեամբ քանդուած հայկական տուներու տեղերը բազմաբնակարանային համալիր կառուցելու ծրագիր մշակուած է։ Յիշուած է, որ հայկական տուները ոչնչացնելու որոշումը հաստատուած էր 2011-ին Մուշի քաղաքային խորհուրդին կողմէն: Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան Մուշէն ընտրուած պատգամաւորներ Շեւին Ճոշքուն եւ Կիւլիւսթան Քըլըչ Քոչիղիթ Մուշի հայկական թաղամասի քանդուած տուներուն փոխարէն բազմաբնակարանային համալիրի կառուցման հարցը ներկայացուցած են խորհրդարան: Անոնք գրաւոր հարցապնդումներ ուղղած են Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումին եւ մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյին: Ընդդիմադիր պատգամաւորները՝ դիմելով նախարար Քուրումին՝ յիշեցուցած են, որ Մուշի 3 թաղամասներուն մէջ` Քալէի, Տերէի եւ Մինարէի մէջ, մինչեւ 2000-ականներու սկիզբը պահպանուած էին հայկական տուները, որոնք, սակայն, 2012-ին ոչնչացուած են։ Անոնք պահանջած են Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարէն պատասխանել, թէ ի՞նչ նպատակով Մուշի յիշեալ երեք թաղամասերուն մէջ շէնքեր կառուցուած են, ինչո՞ւ արտօնուած է շինարարութիւնը Քալէ թաղամասի հայկական տուներուն վրայ:

Ճոշքուն եւ Քոչյիղիթ՝ դիմելով Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարին՝ յայտնած են, որ այժմ Քալէ թաղամասի միակ տունը, որ չէ քանդուած եւ այժմ կանգուն է, արձանագրուած է իբրեւ «պաշտպանութեան ենթակայ մշակոյթի արժէք»: Անոնք նկատած են, որ հակառակ այդ որոշումին՝ Մուշի քաղաքապետարանը տարիներէ ի վեր խոչընդոտներ ստեղծած է եւ չէ արտօնած տան սեփականատիրոջ, որ վերականգնէ զայն: Ընդդիմադիր պատգամաւորները՝ բացի վերոյիշեալ հարցումներէն՝ Էրսոյին հարցուցած են, որՄուշի Քալէ թաղամասին մէջ մնացած վերջին հայկական շէնքին, հակառակ արձանագրուած ըլլալուն, ինչո՞ւ վերականգնումի արտօնութիւն չէ տրուած: Արդեօ՞ք Մուշի մշակութային արժէքներու գոյքագրման աշխատանքները կատարուած են:

Մուշի մէջ քանի՞ արձանագրուած շէնք կայ: Այդ արձանագրուած շէնքերէն քանի՞ն հայկական եկեղեցիներ են:

Վերջին 5 տարուան ընթացքին՝ Մուշի մէջ քանի՞ շէնք վերականգնուած է: Որո՞նք են այդ շէնքերը եւ ընդհանուր առմամբ որքա՞ն պիւտճէ յատկացուած է անոնց:

Մուշ նահանգին մէջ գտնուող եւ Էրճան Չեթէին պատկանող հայկական տան արձանագրութեան թիւը ի՞նչ է: Խնդրոյ առարկայ շէնքին մէջ վերանորոգման աշխատանքներ կատարուա՞ծ են Մուշի մշակութային եւ զբօսաշրջութեան նահանգային վարչութեան կողմէ:

Այդ շէնքին մասին մեր նախարարութեան կողմէ զեկոյց պատրաստուա՞ծ է: Լուսանկարներով վաւերագրուած, քարտէզագրուած եւ արձանագրութեան կտրօնով օժտուա՞ծ է անիկա: Կա՞յ արդեօք քաղաքին մէջ գտնուող հայկական տան առնչուող մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանութեան տարածաշրջանային խորհուրդի որոշումը: Եթէ կայ, ի՞նչ է որոշումին ամսաթիւն ու համարը: