Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Միջազգային Գիտաժողով Պիտի Իրականացուի

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ նախագահականի համակարգումով, Ապրիլ 20-ին տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող միջազգային գիտաժողով: Ըստ Թուրքիոյ նախագահականի հանրային կապերու վարչութեան տարածած յայտարարութեան՝ գիտաժողովը պիտի իրականացուի 3 տարբեր պանելային քննարկումներով։ Անոնք պիտի ունենան իրենց ղեկավարներն ու առանձին խորագրերը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Առաջինը պիտի ունենայ «1915-ի իրադարձութիւններն ու հայկական հարցը պատմական գործընթացին մէջ» խորագիրը ու պիտի իրականացուի Թուրքիոյ պալատներու եւ պորսաներու միութեան Տնտեսագիտական ու արհեստագիտական համալսարանի ղեկավար Եուսուֆ Սարընայի ղեկավարութեամբ: Այս պանելի հիմնական բանախօսներէն պիտի ըլլայ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական Սէյիթ Սերթչելիքը, որ յայտնի է ցեղասպանութիւնը ժխտող շարք մը խորհրդաժողովներու կազմակերպումով:

«1915-ի դէպքերը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն» խորագիրով 2-րդ պանելային քննարկման պիտի մասնակցի ԱՄՆ-ի մէջ հայերու կողմէ բացուած դատավարութիւններու ժամանակ թրքական կողմի համար փաստաբանի ծառայութիւններ մատուցած Տէյվիտ Սոլցմանը եւ այլ իրաւաբաններ:    

Երրորդ «1915-ի դէպքերու անդրադարձը մեր օրերուն վրայ եւ ապագայի հեռանկարները» խորագիրով պանելային քննարկման պիտի մասնակցին Թուրք-ամերիկեան կազմակերպութիւններու նախկին նախագահ Էրկիւն Քըրլըքովալըն, Հարաւարեւելեան Եւրոպայի ու Կովկասի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (Գերմանիա) տնօրէն Քրիստիան Եոհաննէս Հենրիխը եւ այլոք:

Կը նշուի, որ բացի Թուրքիայէն գիտաժողովին պիտի մասնակցին ներկայացուցիչներ ԱՄՆ-էն, Ռուսիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն ու Իռլանտայէն: