Չաւուշօղլուն Անդրադարձած է ԱՄՆ Նախագահին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հաւանականութեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն անդրադարձած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Անոր խօսքով՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւնները կարեւոր են եւ ատիկա պէտք է նաեւ գիտնայ Ճօ Պայտընի վարչակազմը:

«Մենք վստահաբար կոչ կ՝ընենք պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծելուն: Հայաստանը իր վրայ վստահ չէ եւ կը նախընտրէ քարոզչութիւնը»,-պնդած է Չաւուշօղլուն։

Այնուհետեւ հռետորական հարց բարձրացնելով, թէ ինչ կրնայ ըլլալ ամենավատ հաւանականութիւնը, նշած է. «Անոնց կողմէ այդ բառը օգտագործելով չէ, որ պատմութիւնը պիտի փոխուի»:

Չաւուշօղլուի համոզումով՝ «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործման հաւանականութեան պարագային անգամ «միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ատիկա ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՝ունենայ»:

«Ատիկա իրաւական որոշում չէ, այսպէս արտայայտուած էր նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Ա. Մերգելը, երբ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ ընդունուած էր նման որոշում»,- ըսած է ան: