Հայ Ռազմագերիները Ազատ Արձակելու Կոչով Բողոքի Լուռ Ցոյցեր՝ Տարբեր Երկիրներու ՄԱԿ-ի Գրասենեակներուն Դիմաց

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Յատկանշական նախաձեռնութեամբ մը, աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ գտնուող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գրասենեակներուն դիմաց, հայեր եւ անոնց սատարող օտարներ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին՝ դատապարտելով Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիներուն կացութիւնը, որ Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի չափանիշերու կոպիտ խախտում է։

0416Action1

Բողոքի լուռ նստացոյց կազմակերպուեցաւ Երեւանի եւ Ժընեւի մէջ՝ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց, իսկ նման նախաձեռնութիւններ գործադրուեցան նաեւ Թորոնթոյի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Հիւսթընի, Հռոմի, Համպուրկի եւ Մոսկուայի մէջ:

Զուիցերաբնակ գործիչ, երաժշտութեան արտադրող Անի Գասպարեան Armenpress.am-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կազմակերպած բողոքի լուռ նստացոյցին մասնակցող քանի մը տասնեակ մարդիկ բարձրացուցին պաստառներ` կոչ ուղղելով ազատ արձակելու հայ գերիները:

Համայնքի քանի մը անդամ ելոյթ ունեցաւ՝ կոչ ուղղելով ՄԱԿ-ին եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու անտարբեր չմնալու եւ զբաղելու հայ գերիներու հարցով:

0416Action2
0416Action2
0416Action3