Բիւրականեան Բանակումը Համախմբած էր 200 Սկաուտ

ՀՄԸՄ-ի աւանդական դարձած բիւրականեան բանակումը այս անգամ ալ մէկ շաբաթով համախմբած էր 200 սկաուտ: Ըստ Yerkirmedia.am-ի՝ ազգային երգ ու պար, նաեւ զինուորական կարգապահութիւն․ սկաուտներու առօրեայի անբաժան մասն են: Հաւաքի մասնակիցները կ՝ընդգծեն՝ […]

Նիկոլ Փաշինեան Ներկայացուցած է Համահայկական 7-րդ Խաղերուն Մետալները

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն մետալները: Վարչապետը Facebook-ի իր էջին վրայ հրապարակած է ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներուն լուսանկարը: 7-րդ համահայկական ամառնային խաղերուն բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի քաղաքային մարզադաշտին մէջ, այսօր, ժամը 21:00-ին: Աւանդոյթին համաձայն, զայն պիտի վարէ Կարէն Կիլոյեանը: Խաղերուն այս տարի կը մասնակցի մօտ 5 000 մարզիկ՝ աշխարհի 145 քաղաքէ: Քանի […]

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր Անդրանիկ Այցելութիւնը Հայ Ծերանոց

Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ հայ երեք համայնքապետներուն հոգատարութիւնը վայելող Հայ Ծերանոցին: Ըստ  «Գանձասար»-ի՝ առաջնորդ Սրբազան […]

Սփիւռքը Ինքզինք Պէտք է Հայաստանի Գործերու Լիարժէք Շահառու Զգայ. Նիկոլ Փաշինեան

Մեր իրականութեան մէջ հատուածականութիւնը պէտք է փոխարինուի համահայկականութեամբ: Օգոստոս 5-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, իր ելոյթին ընթացքին, այս մասին նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ ասիկա կը նշանակէ, […]

Դուք Իրականութեան Մէջ Տուն եկած էք՝ Ձեր Հարազատ Հայկական Օճախ. Նախագահին Ուղերձը Համահայկական Ամառնային 7-րդ Խաղերու Մասնակիցներուն եւ Հիւրերուն

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու մասնակիցներուն եւ հիւրերուն: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու յարգելի՛ մասնակիցներ, Հայաստանի եւ Արցախի յարգարժա՛ն հիւրեր: Այսօր դուք կը […]

Հայ Ճարտարագիտական Խումբին Հինգերորդ Շարժուն Անասնաբուժական Տարրալուծարանը Գաւառ Կը Հասնի

Երկրագործութեան մարզին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին 30 տարիներէ ի վեր սպասարկող եւ Ֆրեզնօ հաստատուած Հայ ճարտարագիտական խումբը (ATG) կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս Հայաստանի Գեղարգունիք մարզին մէջ եւ Սեւանայ լիճի […]

Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք Ամէնէն Կարող Միասնութեան Առջեւ Կը Չէզոքանան Թէ՛ Ներքին, Թէ՛ Արտաքին Մարտահրաւէրները. Աշոտ Ղուլեան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան դիմատետրի իր էջով հրապարակած է Համահայկական խաղերուն բացումը խորհրդանշող լուսանկար մը` գրելով. «Համահայկական խաղերու հազարաւոր մասնակիցներն ու երկրպագուները Ստեփանակերտը լեցուցած են աննկարագրելի աշխուժութեամբ […]

Արցախի Բռնած Ուղին Անշրջելի է. Բակօ Սահակեան Ելոյթ Ունեցած է Վերածնունդի Հրապարակին Վրայ

Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, Համահայկական 7-րդ խաղերը պիտի իրականացուին ամենաբարձր մակարդակով: Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, իր ելոյթին մէջ, այս մասին նշեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: Այս մասին կը […]

Արժանթինահայերը Կը Պահանջեն, Որ Ռիւէր Փլէյթը Հրաժարի Turkish Airlines-էն

Արժանթինահայ համայնքը խստօրէն կը դատապարտէ «Թրքական աւիաուղիներ» (Turkish airlines) ընկերութեան հովանաւորչութիւնը արժանթինական առաջատար խումբերէն մէկուն՝ Ռիւէր Փլէյթին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Dikgazete-ը։ Այսուհետեւ արժանթինական ակումբի մարզաշապիկին վրայ պիտի ըլլայ […]

Վահագն Տատրեանի Մահը Կորուստ Մըն է Ազգային Պահանջատիրութեան. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երէկ, Վեհափառ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւով իմացաւ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան գոյժը, որուն համար յայտնեց, թէ անոր կորուստը մեծ է մանաւանդ Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ։ Յայտնենք, որ 1999 թուականին […]