Նիկոլ Փաշինեան Ներկայացուցած է Համահայկական 7-րդ Խաղերուն Մետալները

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն մետալները:

Վարչապետը Facebook-ի իր էջին վրայ հրապարակած է ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներուն լուսանկարը:

7-րդ համահայկական ամառնային խաղերուն բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի քաղաքային մարզադաշտին մէջ, այսօր, ժամը 21:00-ին: Աւանդոյթին համաձայն, զայն պիտի վարէ Կարէն Կիլոյեանը: Խաղերուն այս տարի կը մասնակցի մօտ 5 000 մարզիկ՝ աշխարհի 145 քաղաքէ: Քանի մը մարզաձեւ կը կայանայ Ստեփանակերտի եւ Արցախի միւս երկու քաղաքներուն մէջ, իսկ հիմնական պայքարը կը ծաւալի Երեւանի մէջ: