Սուրիահայ Վարպետներու Գործերը Պիտի Ներկայացուին Թիֆլիսի Մէջ

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութիւնը Հոկտեմբեր 20-ին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ պիտի իրականացնեն սուրիահայ վարպետներու […]

Գամիշլիի Բնակչութիւնը Զգուշութեամբ եւ Զսպուածութեամբ Կը Հետեւի Իրադարձութիւններուն

“Գանձասար”-ի թղթակից Մարի Մելքոնեան կը ներկայացնէ Ճեզիրէի հայութեան ներկայ վիճակը, յայտնելով հետեւեալը․ Մէկ շաբաթ առաջ տեղի ունեցած թրքական զինուորական ուժերուն ներխուժումը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ լարուած վիճակի մէջ պահեց Ռաս ուլ […]

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Ներխուժումը

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր ժողովը` անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու քայլին, խստօրէն կը դատապարտէ միջազգային օրէնքները ոտնակոխող այս անմարդկային արարքը: Միութեանս գերագոյն ժողովին մասնակցող բոլոր անդամները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը […]

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2018-2022 Քառամեակի Բ. Լիակազմ Ժողով

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութիւնը կը տեղեկացնէ․ 11, 12 եւ 13 Հոկտեմբեր 2019-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեանի Ճեմարանին (Մզհեր) մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 2018-2022 քառամեակի Բ. […]

Քոնկրեսականներ Կ՛ողջունեն Արցախի Բարեկամներու Համաժողովին Իրականացումը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էլիըթ Էնկըլ, Տեղեկահաւաքի յանձնախումբի ատենապետ Էտըմ Շիֆ, Օրէնքներու յանձնախումբի ատենապետ Ճէյմզ ՄըքԿավըրն իրենց ձայնը միացուցած […]

Ազնաւուրի Մեծարանքի Երեկոյթ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Փարիզի Կեդրոնին Մէջ

Հոկտեմբեր 10-ի երեկոյեան, առաւել քան հազար հանդիսականներ լեցուցած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փարիզեան կեդրոնի սրահը՝ վայելելու համար Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած համերգը, զոր կազմակերպած էր նշեալ կազմակերպութեան ֆրանսախօսներու խումբը: Այս մասին կը […]

Հայ Դատը Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող Արշաւի Մը Կը Ձեռնարկէ

Ողջունելով, սակայն անբաւարար նկատելով Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործադրած բռնարարքներուն իբրեւ հետեւանք՝ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն պատժամիջոցները, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է  Անգարայի դէմ աւելի խիստ պատժամիջոցներ պահանջող […]

Գամիշլիի Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ Խորհրդակցական Հանդիպում

Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն աբղ. Եղիայեանի գլխաւորութեամբ, Կաթողիկէ հայոց հոգեւոր հայր Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի, Հայ առաքելական Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, […]

Բերիոյ Առաջնորդը Հանդիպում Ունեցաւ Թել Ապիատէն Ժամանած Հայ Ընտանիքներու Հետ

Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան հանդիպում ունեցաւ Թել Ապիատէն թրքական հրթիռակոծումներուն պատճառով դուրս եկած եւ Հալէպ ժամանած հայ ընտանիքներու հետ: Հայ ընտանիքներուն կ՛ընկերակցէր […]

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ԳԱՄԻՇԼԻԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սրբոց թարգմանչաց տօնին առիթով, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի։ Օրուան […]