Բերիոյ Առաջնորդը Հանդիպում Ունեցաւ Թել Ապիատէն Ժամանած Հայ Ընտանիքներու Հետ

Սփիւռք

Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան հանդիպում ունեցաւ Թել Ապիատէն թրքական հրթիռակոծումներուն պատճառով դուրս եկած եւ Հալէպ ժամանած հայ ընտանիքներու հետ: Հայ ընտանիքներուն կ՛ընկերակցէր Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի գործադիր մարմինի անդամ Յարութ Հայրապետեանը,կը հաղրոդէ “Գանձասար”-ը:

Անոնք դիտել տուին, որ բոլոր հայ ընտանիքները չեն յաջողած Հալէպ գալ, ոմանք անցած են Գամիշլի եւ Հասիչէ, ուրիշներ առժամաբար տեղափոխուած են Թել Ապիատի շրջակայ ապահով գիւղեր եւ հիւրընկալուած են արաբ ընտանիքներու կողմէ, մինչեւ Հալէպ կամ Գամիշլի իրենց մեկնումը:

Հիւսիսային շրջաններու հրթիռակոծումներուն պատճառով հայ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:

Սրբազան հայրը ընդունելով զիրենք` իր զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց եւ Բերիոյ հայոց թեմին անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց հիւրընկալելու տեղահանուած ընտանիքներ թէ՛ Հալէպի եւ թէ՛ Գամիշլիի մէջ:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը մշտական կապի մէջ է նաեւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն աբղ. Եղիայեանին հետ:

Սրբազանը մաղթեց, որ պատերազմը դադրի, խաղաղութիւն հաստատուի, եւ անոնք վերադառնան իրենց արտերը, իրենց դաշտերն ու բնակարանները: Թել Ապիատի հայ ընտանիքները իրենց կառչածութիւնը յայտնեցին սուրիական հայրենիքին եւ յոյս յայտնեցին, որ կացութիւնը կը բարելաւուի եւ իրենք շրջան մը վերջ կը վերադառնան Թել Ապիատ:

Աւելցնենք, որ օրեր առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնած էր Ճեզիրէի հայութեան եւ դատապարտած էր Թուրքիոյ ներխուժումը:

Արամ Ա. կաթողիկոս եւս մնայուն կապի մէջ է Ճեզիրէի Լեւոն աբղ. Եղիայեանին հետ: Հայր սուրբը մանրամասն կերպով տեղեակ կը պահէ վեհափառը զանազան շրջաններէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին` այս փուլին շրջանի մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ առաւելագոյն չափով անոնց աջակցութիւնը նկատելով հրամայական: