Առաւօտ Լուսոյ Ձայնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ


Երբ ԵՈՒՆեՍՔՕն իր տարուան կարեւոր միջոցառումներու ցանկին վրայ կը նշէր մեծն Կոմիտասի ծննդեան օրը, անշուշտ բոլորս գիտէինք, թէ ինչպիսի մշակութային նախաձեռնութիւններ տեղի պիտի ունենան ամբողջ տարուան ընթացքին: Բնականաբար, այդ միջոցառումներու օրրանը պիտի ըլլար եւ պէտք է ըլլար Հայաստան՝ իր հսկայ մշակութային աւանդով: Տարուան ընթացքին ուշ ի ուշով կը հետեւէինք այս առումով տեղի ունեցած զարգացումներուն: Արդարեւ, յաճախ ականատես եղանք եւ արձագանգեցինք աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ նման բնոյթի միջոցառումներուն: Հապա ի՞նչ պիտի կատարէր պոլսահայ մշակութային կեանքին մէջ: Չէ որ ծննդեան 100-ամեակին առթիւ բնաւ նուազ չէին եղած այդ բնոյթի միջոցառումները Պոլսոյ մէջ եւս: Յիշողութիւններու մէջ տակաւին կը մնայ խմբավար Կարօ Արմանի այդ տարիներուն նորակազմ «Կեդրոնական» երգչախումբին հետ սարքած համերգները, որոնք երաժշտական իսկական վայելքներ դարձած էին բոլորին համար: Ապա վրայ հասած էր Ժիրայր Ասլանեանցի ղեկավարութեամբ միացեալ երգչախումբի մը նախաձեռնութիւնը: Վերջապէս կարելի է ըսել, թէ այդ օրերուն Պոլսոյ երաժշտական բեմերը ողողուած էին Կոմիտասեան շունչով մը:

Իսկ այժմ, երբ կը տիրէ համատարած թուլացում մը բոլոր տեսակի մշակութային նախաձեռնութիւններու հանդէպ, արդեօք Պոլիսը եւս պիտի յաջողէ՞ր իր հետ կապուած ակնկալութիւնները արդարացնել: Փաստացիօրէն կարելի է ըսել այո՛: Պոլիսը կայ, կը պահէ իր աւանդոյթները եւ տակաւին ի զօրու է, շատերու նախանձը գրգռելու աստիճան, բարձրորակ միջոցառումներ յղանալու: Այս առումով փաստ մըն էր, որ կը կատարուէր Հոկտեմբեր 7-ի երեկոյեան, «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ: Արդէն ազդանշան մըն էր այն իրողութիւնը, թէ համերգին տոմսերը սպառած էին շատ կարճ ժամանակի ընթացքին: Շատեր իրարանցումի մէջ՝ կը փորձէին տոմսակ ճարել եւ ձեռնունայն կը մնային: Խոստովանինք, որ մեր համայնքը սովոր չէ նման ուշադրութեան: Արդարեւ, անսովորի պարզումը տեղի ունեցաւ, երբ հասանք համերգասրահ: Իսկոյն նկատեցինք, թէ հանդիսատեսի կարեւոր մէկ համեմատութիւնը ոչ հայերէ կը բաղկանար: Թէեւ այնտեղ կային դէմքեր, որոնց հայ հանդիսատեսը հանդիպած է ուրիշ միջոցառումներու ընթացքին եւս: Բայց այս անգամ գերազանցող պատկեր մը կը տիրէր եւ բազմութիւնը եկած էր ըմբոշխնելու այն մեծ տաղանդին վաստակը, որ իրականութեան մէջ խիստ հարազատ է իրեն, բայց ինք մինչեւ մօտիկ անցեալ անտեղեակ մնացած է այդ տաղանդի գոյութենէն իսկ:

Երեւոյթը տարօրինակ կը թուէր նաեւ արտասահմանէն ժամանած արուեստագէտներու եւ ունկնդիրներու համար: Զարմանալով կը փորձէին հասկնալ, թէ հայ չեղողներ ինչու համար այսքան մեծ արժէք եւ ուշադրութիւն կը սեւեռեն վարդապետին հանդէպ: Բոլոր այս հարցումներուն պատասխանը թաքնուած է միջոցառման կազմակերպիչներու ետին: Գլխաւորաբար «Անատոլու Քիւլթիւր» ընկերութեան նախաձեռնութիւնն էր այս, որուն հետ համագործակցած էին «Քալան Միւզիք» եւ «Կորքի» հիմնարկները: Գերմանիոյ Պոլսոյ դեսպանատունը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը հովանաւորած էին այս աշխատութիւնը եւ հիմա բեմին վրայ իրարայաջորդ պիտի տողանցէին տարբեր երկիրներէ եկած բազմաթիւ արուեստագէտներ եւ անոնց հասարակական եզրը պիտի կազմէր Կոմիտասի աշխարհը:

Դահլիճին մէջ ներկայ էին պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Իսթանպուլի հիւպատոսները, ՀՏՓ կուսակցութեան Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտի-Խմբ.) պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւ ՃՀՓ կուսակցութեան Պոլսոյ պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլու:

Սրահի մուտքին սեղաններու վրայ կը ծանօթացուէին երկու նոր հրատարակութիւններ, երկուքն ալ՝ Կոմիտաս վարդապետի վաստակին ձօնուած: Այդ գիրքերէն առաջինն էր՝ «Փրկիչ» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսած «Կոմիտաս Վարդապետի Գերմաներէն Երգերը» հատորը: Կոմիտասագէտ Տիրան Լոքմակէօզեանի երկարատեւ ուսումնասիրութիւններով, ար-խիւային ձեռագիրներու վերծանումով լոյս տեսած վարդապետին գերմաներէն երգերը անշուշտ որ յայտնութիւն են Կոմիտասի բոլոր երկրպագուներուն համար:

Երկրորդ գիրքը տպուած էր «Պիր Զամանլար» հրատարակչատան կողմէ եւ կը կրէ երկու կոմիտասագէտներու՝ Մելիսա Պիլալի եւ Պուրճու Եըլտըզի ստորագրութիւնը:

Համերգին առաջին կատարումները ներկայացուցին «Լուսաւորիչ» մանկապատանեկան երգչախումբի երգիչ-երգչուհիները՝ Հրանդ Չիզմէճիեանի մականին ներքեւ: Երգչախումբին կ՛ընկերակցէր Փարիզի «Քոլեքթիվ Մեծ Պազար» համոյթի մենակատար Սեւանա Չաքէրեան:

Երգչախումբը կատարեց «Վայ կիտի պլպուլըս» եւ «Ինչո՞ւ Պինկէօլը մտար»: Այս հատուածին մէջ ափսոս որ խումբը ապրեցաւ հայերէնի նուազ տիրապետելէ ծագած խնդիրներ: Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հնչիւնաբանական թերացումին իբրեւ հետեւանք՝ երգին բառերը անճանաչելի դարձան, երբ «Վայ կիտի պլպուլըս»ը մեր մանկանց շրթներուն կը դառնար «Վայ գիթի փլփուլըս»ի: Եւ նմանապէս «Պինկէօլ»ն ալ կը վերածուէր «Փինկէօլ»ի:

Երկրորդ բեմ բարձրացողն էր օփերայի մեներգչուհի, գերմանաբնակ Փերվին Չաքար, որ Իքլիմ Թամքանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ կատարեց կոմիտասեան «Հով արէք»ը, անթերի առոգանութեամբ:

Ապա դաշնամուրի կողքին այս անգամ Էրթան Թեքին տուտուկով մասնակցեցաւ համբաւաւոր երգչուհիին, որ գերազանց յաջողութեամբ կատարեց քրտերէն աշուղական եղանակը՝ «Տեւրեշէ Էտի»ն:

Հիւր արուեստագէտներու կարգին էր ամերիկահայ աշխարհահռչակ ուտահար Արա Տինքչիեան: Տինքչիեան, Արի Հերկելի կիթառի ընկերակցութեամբ՝ ելաւ բեմ, իր կողքին ունենալով Մեթեհան Տատանըէն, Տենիզ Իպրահիմօղլուէն, Էտա Պերքերէն եւ Ասլըհան Փարլաքէն կազմուած քառեակը: Անոնք ալ մեկնաբանեցին վարդապետին «Ալակէօզ աչերդ», «Չինար ես» եւ «Էջմիածնի պար» ստեղծագործութիւնները: Այս կատարումներէն ետք Արա Տինքչիեան եւ Էրթան Թեքին շարունակեցին բեմին վրայ մնալ, նուագակցելու համար Այթեքին Աթաշի, Պուրճու Եըլտըզի եւ Շեվվալ Սամիի:

Վերեւը նշած էինք կոմիտասագէտ Պուրճու Եըլտըզը, որ մեր երաժշտական ապրումներուն մէջ կարեւոր հետք թողած է «Երգարան» ալպոմին միջոցաւ: Եւ ահա այս համերգը դարձեալ յարմար առիթ էր, որ հնչէին «Երգարան»ին մէջ տեղ գտած կոմիտասեան մեղեդիներ, ինչպէս Այթեքին Աթաշի կատարումով եւ քրտերէնով «Սէյրան»ը: Պուրճու Եըլտըզի կատարումով եւ Կիլիկիոյ ողբերգական պատմութիւնը ցոլացնող թրքերէն «Այ աչըլսա» եւ Շեվվալ Սամի կատարումով ալ «Այ տողար պետիր Ալլահ» երգերը:

Անշուշտ թէ հիւր արուեստագէտները եւ թէ հիւր հանդիսականները բաւականին զարմանքի մատնուած էին՝ լսելով Կոմիտասի ոչ-հայերէն ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ:

Համերգի առաջին մասի վերջին կատարումները իրականացնելու համար բեմ բարձրացաւ «Ոմանք» երաժշտական խումբը, որ գերազանց յաջողութեամբ ներկայացուց «Քելէ քելէ» եւ «Հոյ Նար» երգերը:

Մենակատար Լարա Նարին իր այս ելոյթով գերազանցեց նախորդ բոլոր կատարումները եւ բարձրացաւ հպարտ բարձունքի մը վրայ յատուկ փայլ մը բերելով համերգին:

Միջոցառման երկրորդ հատուածին մէջ առաջին ելոյթ ունեցողն էր Պոլսոյ օփերայի մենակատարներէն Գէորգ Դաւիթեան: Դաւիթեան դաշնակահար Լեւոն Էրոյեանի ընկերակցութեամբ կատարեց կոմիտասեան գլուխ գործոց համարուած «Կռունկ»ը եւ «Ծիրանի ծառ»ը:

Հանրածանօթ քիւրտ երգչուհի Այնուր Տողան եւս ընտրած էր Կոմիտասի հանրածանօթ երգերէն նմոյշներ, ինչպէս՝ «Հոյ Նազան»ին եւ «Ալ այլուղս»: Այս վերջինը իբրեւ ժողովրդական երգ յաճախ կ՛երգուի նաեւ քրտերէնով: Արդարեւ, Այնուր Տողան ալ այս երգը ներկայացուց երկու լեզուական տարբերակով՝ հայերէն եւ քրտերէնով: Այնուրի ընկերակցելու համար անգամ մը եւս բեմ ելած էր ուտահար Արա Տինքչիեան:

Օրուան փայլը աւելցնող կարեւոր մասնակցութիւն մըն էր Թենի Աբելեանէ, Անայիս Թեքերեանէ եւ Երազ Մարգարեանէ կազմուած  «Զուլալ» եռեակը: Անոնք ալ մեկնաբանեցին «Անձրեւ եկաւ շաղալէն», «Նուպար», «Քելեր ցոլեր», «Ճօճան», «Շողեր ճան» եւ «Զինչ ու զինչ» երգերը:

Կարելի է ըսել, թէ բոլոր արուեստագէտները յաջողեցան հանդիսատեսի ջերմ գնահատանքին, բայց կ՛երեւի թէ Պոլսոյ մէջ Կոմիտաս վարդապետի յիշատակման ձօնուած այս խիստ խորհրդանշական համերգի ամենացայտուն պատկերը պիտի ներկայացնէր հինգ երիտասարդ նուագածուներէ բաղկացած «Գողթ» համոյթը, որ արտակարգ տօնական մթնոլորտի մէջ միջոցառումը բերաւ աւարտին:

Այս համերգին հետ կապուած կան շատ բաներ, որոնք արժանի են երկար դրուատիքի: Սակայն «Գողթ»ը յաջողեցաւ բացառիկը, ինչո՞ւ չէ նոյնիսկ անհաւատալին իրականացնել:

Այս պահուն ես բնականաբար պիտի դժուարանամ ընթերցողին նկարագրել այն երաժշտական հնչականութիւնը, որմով «Գողթ»ի տղաներէն Հայկ Կարապետեան՝ զուռնայի եւ Նարեկ Գասպարեան՝ թաւջութակի երկխօսութեամբ մատուցեցին սրահին: Ստեղնաշարի վրայ Արման Փեշտեմալճեան, հարուածային գործիքներով Ստեփան Տէր Ղեւոնդեան եւ թառով Զարէ Գալստեան կը համակէին «Գողթ» նուագախումբը, որ չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք՝ բոցավառեց դահլիճը:

Օրուան հանդիսավարն էր ծանօթ դերասանուհի Թիլպէ Սարան: Ան համերգի աւարտին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց այս նախաձեռնութեան բոլոր մասնակիցցողներուն, սատարողներուն, կազմակերպիչներուն եւ յատկապէս միտքը յղացող… եւ չի կրցաւ աւարտել իր խօսքը: Այդ պահուն ամբողջ դահլիճը գիտէր, թէ այս բացառիկ միջոցառումը ո՞վ յղացած է, նախորդ տարիներուն ո՞վ գլխաւորած է նման բնոյթի անցեալի միջոցառումները: Ծափահարութիւններու տարափին մէջ բեմին վրայ ցոլաց Օսման Քաւալայի նկարը՝ ազատութեան մաղթանքով: Չէ որ համերգին յաջորդ օրը՝ 8 Հոկտեմբերին Սիլիվրիի արգելանոցին մէջ տեղի պիտի ունենար «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերուն դատավարութիւնը, որուն միակ բանտարկուած մեղադրեալն է Օսման Քաւալա:

Ամբողջ դահլիճը ոտքի կանգնած՝ անընդհատ ծափահարութիւններով կ՛ողջունէր Օսման Քաւալան, գիտնալով, զգալով եւ զգացնելով, թէ այս պոռթկումը ողջոյնի կողքին զօրակցութիւն է եւ բողոք անարդարութեան դէմ: