Զարգանալ՝ Չզիջելով. Սա է Տնտեսական Զարգացման Հիմքը․ Կիրօ Մանոյեան

Հայաստան

Հոկտեմբեր 15-ին՝ ամփոփելով Արցախի բարեկամներու «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» համաժողովի արդիւնքները, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան խօսելով Արցախի մարտհրաւէրներուն մասին՝ նշեց, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան իրենց վերաբերումը պիտի չփոխեն նոյնիսկ եթէ Արցախի հարցը ինչ որ ձեւով լուծուի։ «Մենք պիտի ե՛ւ ապահովենք մեր պաշտպանուածութիւնը, ե՛ւ փորձենք զարգանալ: Շատերը փորձեցին մեզ համոզել՝ ըսելով, որ եթէ բաւարարենք Թուրքիոյ նախապայմանները, լաւ պիտի ըլլայ: Չէ, այդպէս չէ:

Հայաստանի տնտեսութիւնը, Կիրօ Մանոյեանի դիտարկմամբ, պիտի զարգանայ՝ մնայուն կերպով հաշուի առնելով այն, որ այս յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին՝ անկախ Արցախի հարցէն: «Պատրուակ մը կը գտնեն նորէն, որ սահմանը փակեն: Չորս հարեւան ունինք, որոնցմէ երքուքին հետ յարաբերութիւնները կարելի է աւելի զարգացնել՝ ե՛ւ Վրաստանի հետ, ե՛ւ Իրանի հետ: Այդ առումով պիտի աւելի լուրջ արտաքին քաղաքականութիւն տանինք: Տնտեսական զարգացման տեսակէտէ մենք պիտի հաւատանք, համոզուած ըլլանք, որ իսկապէս կարելի է զարգանալ՝ առանց զիջելու: Աշխարհի մէջ միակը չենք, որ այս իրավիճակի մէջ ենք»։

Դէպի ծով ուղղակի ելք չունենալը, Մանոյեանի համաձայն, խնդիր չէ, եթէ ըլլան լաւ յարաբերութիւններ դէպի ծով ուղղակի ելք ունեցող հարեւանի հետ. «Ունինք հարեւան, որ ծովի վրայ է: Եւ ուրեմն, որքան այնտեղ ալ մեր երկու թշնամիներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը մեծնայ, տակաւին այդ հարեւանի հետ կարելի է գտնել ճիշդ ճանապարհը աւելի արդիւնաւէտ յարաբերուելու համար»։

Ան տեղեկացուց, որ Դաշնակցութիւնը կը նախատեսէ տնտեսական համաժողով կազմակերպել այդ նիւթով. «Զարգանալ՝ չզիջելով»: «Ատիկա մեր խնդիրներու խնդիրն է: Մեր պետութեան զօրացման գրաւականն է, որ մենք կարենանք տէրը մնալ այն բոլորին, ինչ ունինք եւ զարգացնենք: Եւ այս գաղափարախօսութիւնն է, որ պէտք է դրուի որեւէ իշխանութեան տնտեսական քաղաքականութեան հիմքը: Վարչապետ Փաշինեանը տարբեր առիթներով յայտարարած է, բայց յայտարարելը հերիք չէ, պէտք է զայն ունենալ քաղաքականութեան հիմքը», դիտել տուաւ ան:

«Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» համաժողովին իսլամ մասնակիցներուն Շուշիի մզկիթ այցելելը, ըստ Մանոյեանի, կարեւոր քաղաքական դրուագ էր: «Շուշիի մզկիթի բացումը երէկ էր, բայց մինչեւ բացումը իրենց համար մզկիթի դուռը բացին, անոնք տեսան: Բոլորն ալ կը հասկնան, որ Արցախի հարցը ոչ թէ քրիստոնեայ-իսլամ հակամարտութիւն է, այլ Ատրպէյճան-Ղարաբաղ խնդիրն է, եւ իրենք՝ որպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կողմնակիցներ, կ՛աջակցին Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման»,- շեշտեց ան։

Անդրադառնալով Ղարաբաղեան տագնապի լուծման՝ Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ եթէ նկատի ունենանք, թէ ինչ ձեւով Ատրպէյճանի նախագահը ելոյթ ունեցաւ եւ ինչպիսի պատասխան ստացաւ Հայաստանի վարչապետէն, կը կարծեմ, կարելի չէ ակնկալել, որ որեւէ յառաջընթաց պիտի արձանագրուի Արցախեան հարցի կարգաւորման մէջ։

Ան ընդգծեց, որ պէտք է առաջնահերթութիւն համարել պետականութեան հզօրացումը, քանի որ իրավիճակը ծանրանալու պարագային Հայաստանը իր յոյսը պէտք է ինքն իր վրայ դնէ: