ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ԳԱՄԻՇԼԻԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սփիւռք

Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սրբոց թարգմանչաց տօնին առիթով, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի։

Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տէր Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան։

Յընթացս պատարագին, ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը դպրաց դասին հետ միասնաբար իր աղօթքը բարձրացուց ի բարձրեալն Աստուած Ճեզիրէի եւ ամբողջ Սուրիոյ խաղաղութեան համար։

Նոյն օրը միջօրէի ժամը 1։00-ին, Գամիշլիի գլխաւոր թաղամասին մէջ, հոգեշնորհ հայր սուրբը, ազգայիններու ընկերակցութեամբ, իր մասնակցութիւնը բերաւ թրքական բարբարոսական ներխուժման դէմ բողոքի հաւաքին։ Հաւաքուած բազմութիւնը ողջունեց սուրիական բանակին մուտքը Սուրիոյ հիւսիւսարեւելեան շրջաններ։