Տիր Կրթամշակութային Կեդրոնի Բացում Լիբանանի Մէջ

Սփիւռք

Հոկտեմբեր 16-ին, Պէյրութի Անթիլիասի շրջանին մէջ իր դռները կը բանայ ՏԻՐ կրթամշակութային կեդրոնը, որ պիտի ծաւալէ կրթական եւ մշակութային գործունէութիւն:
ՏԻՐ Կեդրոնը կը տրամադրէ.
-Ամէնօրեայ դրութեամբ դպրոցական դասացուցակի աշխատանքներու վերահսկողութիւն (Afterschool):
-Ուսումնական բազմազան ծառայութիւններ բոլոր տարիքի եւ կարիքի աշակերտներու (նիւթերու կրկնուսուցում, պետական քննութիւններու եւ համալսարանի մուտքի քննութիւններու պատրաստում):
– Մեծահասակներու համար խտացեալ եւ ըստ պահանջքի մշակուած ծրագրեր:
– Հայոց լեզուի յատուկ դասընթացքներ ոչ-հայախօսներու համար:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել 71/653443

կամ  04/407233 թիւին

Տիր կեդրոնի նորութիւններուն ծանօթանալու համար միացէք անոր facebookեան էջին։