Հայոց Ցեղասպանութեան Խաչքար-Յուշարձանի Բացում Յունաստանի Մէջ

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՔԱԼԱՄԱԹԱՅԻ ՄԷՋ ­Կի­րա­կի` 10 ­Նո­յեմ­բեր 2019ին ­Սուրբ եւ Ան­մահ պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցո­ւի ­Քա­լա­մա­թա­յի Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10.30ին։ Ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի նա­խա­գա­հէ՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. […]

Հայ Մամուլի Նուիրուած Գիտաժողովը՝ Նիւ Եորքի Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2019 թուականը «Մամուլի Տարի» հռչակուելու, «Հայրենիք» շաբաթաթերթի 120-ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի 85-ամեակի առիթներով, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանն ու «Հայրենիք» Հաստատութիւնը միասնաբար […]

Լոյս Տեսած է «Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի Գաղտնիքները» Գիրքը

Լոյս տեսած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Հայր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանի առաջին` «Երուսաղէմի հայկական թաղամասի գաղտնիքները» գիրքը: Հրատարակութեան շնորհիւ՝ մարդիկ պիտի ծանօթանան հետաքրքրական եւ ուշագրաւ պատմութիւններու` նուիրուած Հայկական Երուսաղէմին եւ […]

Հայերու Կողմէ ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Դիմումները Հնարաւոր է Սկսին 6-ի Փոխարէն 3 Ամսուան Ընթացքին Քննարկել

Հայերու կողմէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումներու քննարկման ժամկէտը 6 ամսուան փոխարէն պիտի սահմանուի 3 ամիս։ «ՀՀ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքին նախագիծը ներկայացուած է e-draft համակարգով: Օրինագիծի ընդունման […]

Ի՞նչ Կը Սպասուի Այսօր Քոնկրեսի Ստորին Պալատին Մէջ․ Կը Ներկայացնէ Էլիզապեթ Չուլճեան

Այսօր ԱՄՆ Քոնկրեսի ստորին պալատին մէջ վերջին 35 տարուան մէջ առաջին անգամ քուէարկութեան պիտի դրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: Ին՞չ տեղի ունեցած է Ներկայացուցիչներու տան կանոնադրական յանձնաժողովին մէջ եւ ի՞նչ […]

Հեռուստամարաթոն 2019. «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի․ Կենարար Ջուր եւ Արեւ Համայնքներուն»

Այս տարուան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ  Նոյեմբեր 28-ին, ժամը` 22:00–ին եւ առաջին անգամ պիտի հեռարձակուի Հայաստանէն, հանրային հեռուստատեսութեան ուղիղ եթերով: «Հայփոստ»-ը կը  շարունակէ օժանդակել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, […]

Ֆրանսայի Մէջ Հայ Համայնքը Կը Կարծէ, Որ «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի Վրայ Կատարուած Յարձակման Ետին Կանգնած Են Թուրքերը

Վստահ չեմ, թէ Փարիզի մէջ հայկական կառոյցներու վրայ կատարուած երկու յարձակումները կապուած են իրարու հետ: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ հայկական կառոյցներու վրայ տեղի ունեցած յարձակումներուն, ըսաւ […]

Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Երեքշաբթի Օր Քուէարկութեան Պիտի Դրուի Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին քուէարկութեան պիտի դրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։ Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ […]

13-ամեայ Ժասմինի Վիպակը Բարձր Գնահատանքի Արժանացաւ

ԵՌԱԳՈՅՆ- Հոկտեմբեր 28-ին, Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի հիմնարկէն ներս, տեղի ունեցաւ 13-ամեայ Ժասմին Հայրապետեանի «Հրաշագործ Նռանէ» վիպակին շնորհանդէսը: Վիպակը արեւմտահայերէնի վերածելու նախաձեռնութիւնը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքինն է։ Շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ […]

«Արաս» Հրատարակչատունէն Լոյս Տեսած է «Վարդօ» Գծավէպը, Արեւմտահայերէնով

1915-ին սկսած եւ ցարդ շարունակուող արկածի մը հետքերուն կը հետեւի Վարդօ։ Առաջին աշխարհամարտի աղէտալի սեւ օրերուն, Անատոլուի արեւելքը, գիւղի մը մէջ, քոյր ու եղբայր Մարիամին ու Վարդոյին ճանապարհը կը խաչաձեւուի […]