Category: Սփիւռք
103-ամեայ Քնարիկ Մարկոսեան 1 Միլիոն Տոլար Կը Նուիրէ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին
103-ամեայ Քնարիկ Մարկոսեան 1 միլիոն նուիրեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին: Նշենք, որ 2 Նոյեմբերի տուեալներով, հիմնադրամին «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» դրամահաւաքին հանգանակուած գումարը հասած է 161.5 միլիոն տոլարի:
Լիոնի Մէջ Թուրքերը Վանտալութեան Ենթարկած Են ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Շէնքը
Լիոնի մէջ թուրքերը վանտալութեան ենթարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքը: Ըստ Armenpress.am-ի` այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է «France 24»-ի լրագրող Աչրէն Վերտիանը՝ հրապարակելով լուսանկար: «Լիոնի ՀՀ […]
Բողոքի Լուռ Հաւաք եւ Ինքնաշարժներով Երթ Յունաստանի Մէջ
Կիրակի՝ 25 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին, Թեսաղոնիկէի «Սպիտակ Աշտարակի»ն առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի լուռ հաւաք, ուր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, պատանի-պարմանուհիներ, ձեռքերնին ունենալով եռագոյն դրօշներ, ինչպէս […]
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Եղած Նուիրատւութիւնը Հատած է 160 Միլիոն Տոլարի Սեմը
«Հայաստան» համայկական հիմնադրամի «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» խորագիրով դրամահաւաք-արշաւին հանգանակուած գումարին չափը անցած է 161.5 միլիոն տոլարի սեմը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ–ը կը տեղեկանայ հիմնադրամի կայքէն։ Հիմնադրամին գումար […]
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հարաւ-արեւմտեան Շրջանին Նախաձեռնութեամբ Բողոքի Հանրահաւաք Ուոթըրլու Քաղաքին Մէջ
«Գանատա դատապարտէ՛ թրքական բռնութիւնները», «Թրքական ԱԹՍ-ները կը սպաննեն անմեղ քաղաքացիներ»… Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յարձակումն ու բռնարարքները դատապարտող պաստառներ բարձրացուցած՝ հայ երիտասարդները Նոյեմբեր 1-ին Գանատայի Ուոթըրլու քաղաք գլխաւոր հրապարակին մէջ […]
ՀՄԸՄ-ի «Կամաւոր Բանակ»-ը Ի Սպաս ` Արցախի Համահայկական Կռիւին
Արցախի ճակատներուն վրայ հայկական բանակին եւ կամաւորական ջոկատներուն կողմէ մղուող հերոսական կռիւներուն կողքին, 27 Սեպտեմբերէն ի վեր տեսակաւոր կռիւներ կը մղուին թիկունքը` հայկական «կամաւորական բանակ»-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ցամաքամասէ-ցամաքամաս, երկիրէ-երկիր եւ […]
Բոլո՛րս միասին Արցախի համար… Կոչ Յունահայերուն
Միանալով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համահայկական շարժման, զօրակցելով հայոց բանակին եւ թիկունք կանգնելով մեր հայրենիքին՝ «Համազգային»ի «Սօս-Վանի» վարչութիւնը եւս կը կազմակերպէ դրամահաւաք։Այս առիթով պիտի զետեղուի տաղաւար Քալլիթէա, «Տաւաքի» հրապարակը, Շաբաթ՝ 31 […]
Քորիտալոսի Քաղաքապետը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Արցախի Հայութեան
Չորեքշաբթի՝ 28 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Յունաստանի ազգային տօնին առիթով, Քորիտալոսի քաղաքապետ Նիքոս Խրուսալաս յարգանքի տուրք մատուցեց «Այիոս Եորղիոս» հրապարակի վրայ կանգնած հայկական խաչքարին առջեւ։ Մասնակցութիւն բերին Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ կոմիտէի ընկերներ Յարութիւն […]
Բողոքի հաւաք Եւրոպական Միութեան Աթէնքի գրասենեակներուն առջեւ (նկարներ)
Բողոքի հաւաք Եւրոպական Միութեան Աթէնքի գրասենեակներուն առջեւ «Եւրոպական երկիրները պարտին կասեցնելզինամթերքի վաճառքը Թուրքիոյ» Եւրոպական Միութեան Աթէնքի գրասենեակներուն առջեւ երէկ Հինգշաբթի 29 Հոկտեմբեր 2020ի երեկոյեան ժամը 5ին, համախմբուեցաւ հայ եւ յոյն […]
Թուրքիան Արձագանգած է Պէյրութի Մէջ Թրքական Դեսպանութեան Դիմաց Հայերու Կողմէ Էրտողանի Նկարը եւ Թրքական Դրօշակը Այրելուն
Թուրքիոյ ԱԳՆ–ն տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ խստօրէն «կը դատապարտէ» Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ հայ ցուցարարներու կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկարի եւ թրքական դրօշակի այրումը։ Այս մասին կը […]










