Լիոնի Մէջ Թուրքերը Վանտալութեան Ենթարկած Են ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Շէնքը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լիոնի մէջ թուրքերը վանտալութեան ենթարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքը: Ըստ Armenpress.am-ի` այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է «France 24»-ի լրագրող Աչրէն Վերտիանը՝ հրապարակելով լուսանկար:

«Լիոնի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան պատին յայտնուած է հակահայկական նոր գրութիւն, ուր կը յիշեցնեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս նաեւ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան հաւատարմութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին»,- գրած է Վերտիանը: