Բողոքի հաւաք Եւրոպական Միութեան Աթէնքի գրասենեակներուն առջեւ (նկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Բողոքի հաւաք Եւրոպական Միութեան Աթէնքի գրասենեակներուն առջեւ

«Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րը պար­տին կա­սեց­նել
զի­նամ­թեր­քի վա­ճառ­քը ­Թուր­քիոյ»

Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան Ա­թէն­քի գրա­սե­նեակ­նե­րուն առ­ջեւ ե­րէկ ­Հինգ­շաբ­թի 29 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5ին, հա­մախմ­բո­ւե­ցաւ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ, ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­միու­թեան կո­չին։ ­Հա­ւա­քին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէին նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ե­գիպ­տա­կան, ա­րա­բա­կան եւ քրտա­կան հա­մայնք­նե­րու ան­դամ­ներ, ո­րոնք ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին։
Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, Ք­սան­թիի, ­Գո­մո­թի­նիի, ­Գա­վա­լա­յի, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ, ­Քա­լա­մա­թա­յի եւ ­Յու­նաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պուած ցոյ­ցե­րու եւ հա­ւաք­նե­րու շար­քը կ’եր­կա­րի, քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւր հայ, իր բնա­կած վայ­րին մէջ ըլ­լա­լով հան­դերձ, իր ձայ­նը կը միաց­նէ ամ­բողջ հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տէր կո­չին՝ վերջ տա­լու թուրք-ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն Ար­ցա­խի դէմ եւ ճանչ­նա­լու Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւուն­քը։
­Հա­ւա­քին մաս­նա­կից­նե­րը կը կրէին դի­մակ­ներ եւ հե­ռա­ւո­րու­թեան սահ­ման­նե­րը պա­հած էին ի­րա­րու մի­ջեւ, հա­մա­վա­րա­կի պար­տադ­րած կա­նոննե­րը­ յար­գե­լու բծախնդ­րու­թեամբ։ ­Խո­շոր պաս­տառ­ներ պար­զած էին, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դրօ­շակ­նե­րը։ ­Կա­յին լո­զունգ­ներ կրող պաս­տառ­ներ եւ գրու­թիւն­ներ ու լու­սան­կար­ներ, ուր կը բա­ցա­յայ­տո­ւէր թուրք-ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կում­նե­րու ճշգրիտ պատ­կե­րը։
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­միու­թեան ան­դամ­նե­րը, բարձ­րա­խօ­սով տե­ղե­կու­թիւն­ներ կար­դա­ցին, նկա­րագ­րե­լով Ար­ցա­խի մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կը։ ­Յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցո­ւե­ցան նաեւ ­Թուր­քիոյ հան­դէպ Եւ­րո­պա­յի տար­բեր եր­կիր­նե­րու վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շուրջ։
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­վար­չու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րու կող­մէ յու­շա­գիր մը յանձ­նո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան Ա­թէն­քի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան, ուր կը բա­ցա­յայ­տո­ւէր ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ա­նոնց ի­րա­գոր­ծած վայ­րագ յար­ձա­կում­նե­րը Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի դէմ, ար­գի­լուած զէն­քե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը եւ ան­զէն բնակ­չու­թեան դէմ կի­րար­կո­ւած բռնու­թիւ­նը, նշե­լով թէ բո­լոր այս ա­րարք­նե­րը կը հա­կա­սեն մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան օ­րէնք­նե­րուն եւ պա­տե­րազ­մի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ կը նկա­տո­ւին մարդ­կու­թեան կող­մէ։
­Նոյն յու­շագ­րին մէջ կոչ կ’ուղ­ղո­ւէր Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ­Թուր­քիոյ դե­րը կտրուկ դա­տա­պար­տե­լու, ան­զէն բնակ­չու­թեան դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ո­ճիր­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու, ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու դի­մե­լու, շրջա­նի ա­պա­կա­յու­նա­ցու­մը յա­ռա­ջաց­նող ճի­հա­տիստ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ար­գի­լե­լու եւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէ ­Թուր­քիոյ զի­նամ­թեր­քի վա­ճառ­քը կա­սեց­նե­լու։
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­միու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը, կարճ հար­ցազ­րոյց­ներ տրա­մադ­րե­ցին յու­նա­կան, ինչ­պէս նաեւ ռու­սա­կան եւ քրտա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու։