Category: Սփիւռք
Հայ Դատը Պաքուն Եւ Անգարան Պատասխանատւութեան Կանչելու Կոչ Կ՛ընէ Ուաշինկթընին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է նամակագրութեան արշաւի մը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի վարչակարգէն եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն պահանջելով հիմնական կերպով փոխել Հարաւային Կովկասի նկատմամբ քաղաքականութիւնը։ Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ […]
Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Հիմնադիր, Մեծ Վարպետ Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած Ուու Շու-Քոնկ Ֆուի Մրցաշարք Լիբանանի Մէջ
Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 8 Յունուար 2022-ին, «Անթունիէ Պաապտա» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր, մեծ վարպետ Կարօ Քեպապճեանի յիշատակին նուիրուած մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ […]
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը` Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վերաբերեալ
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ «Յանուն Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ իսկական խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու իսկական բնականոնացման» խորագիրը կրող հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Օգոստոս 2021-էն […]
Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Մէկ Միլիոն Տոլարի Կրթանպաստներ Նուիրեց Հայաստանցի, Արցախցի Եւ Ջաւախքցի Ուսանողներու
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (Կլենտէյլ) կը տեղեկացնէ, թէ մէկ միլիոն տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է Հայաստան, Արցախէն եւ Ջաւախքէն աւելի քան 1000 ուսանողներու։ Կրթանպաստներուն մեծ մասը շնորհուած է Հայաստանի մէջ հանրային համալսարաններ […]
Թուրքիոյ Խորհրդարանի 26 Պատգամաւորներ Կ՛ամբաստանուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կատարելու Յանցանքով
Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 26 պատգամաւորներ Անգարայի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ կ՛ամբաստանուին «թուրք ազգը եւ թրքական պետութիւնը վիրաւորելու» յանցանքով, պարզապէս որովհետեւ անոնք Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած էին՝ ճանչնալու Հայոց […]
Էապէս Ապազգային, Թրքամէտ Այս Վարքագիծին Հոլովոյթը Հիմնովին Կը Մերժենք. ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
(Հայ-թրքական յարաբերութիւններ եւ մասամբ նորին) Անցնող 30 տարիներուն, այսպէս կոչուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու «բարելաւման» ուղղուած ցցուն փորձեր քանի մը անգամ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ, երբեմն՝ բարձրագոյն մակարդակի: […]
Էրտողանի Մամուլի Խօսնակը ԱՄՆ-ի Մէջ Անդրադարձած է Հայ-թրքական Յարաբերութիւններուն
Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը Շիքակոյի թրքական հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ի մէջ բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն հետ: Ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Ղարաբաղի հարցին: Այս մասին կը […]
Հայ-թրքական Յարաբերութիւնները Կրնան Կարգաւորուիլ Միայն Աշխարհասփիւռ Մեր Ժողովուրդի Համախոհութեամբ, Առանց Թրքական Նախապայմաններու. Հ.Յ.Դ. Բիւրօ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պարբերաբար նախանշած է այն մարտահրաւէրները, որոնք կապուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին հետ` յատկապէս Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն մասնակցութեամբ: Անհրաժեշտ կը համարենք արձանագրել, որ պաշտօնական Անգարան ոչ միայն […]
Մեր Թշնամիներն ու Բարեկամները Պէտք Է Իմանան, Որ Հայութիւնը Մէկ Ու Անբաժանելի Ամբողջութիւն Է. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Նոր Տարուան սեմին, քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Նոր Տարին մարդը, անհատապէս թէ հաւաքաբար, ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան հրաւիրող պահ է։ Եկէք պահ մը մեր հայեացքները […]
Իւրաքանչիւր Հայու Համար Արցախահայութեան Կամքն ու Ձգտումները Պէտք է Անձեռնմխելի Ըլլան. Արտակ Բեգլարեան
Ոեւէ մէկը կասկած ունի՞, որ արցախահայութիւնը կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իր պայքարը յանուն Արցախի հայկական ապագայի, անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ, վերջ ի վերջոյ, Մայր Հայաստանի հետ միացման: Այս մասին […]









