Յունաստանի Մէջ ՀՀ Դես­պանը Այ­ցե­լեց Հ.Կ.­Խա­չի Ազ­գա­յին Վար­ժա­րան­նե­րը

Հայաստան, Սփիւռք

Չո­րեք­շաբ­թի, 9 ­Մարտ 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան այ­ցե­լեց Հ.Կ.­Խա­չի «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նը, ինչ­պէս նաեւ «Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ու «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րան­նե­րը եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ յու­նա­հայ կրթա­կան կեան­քին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։

Վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ դես­պա­նը ըն­դու­նե­ցին ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի, Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. ­Վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի եւ տե­ղա­կան կո­մի­տէ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Ա­ռա­ջին հեր­թին, ­Ֆիք­սի մէջ, դես­պա­նը ըն­դու­նո­ւե­ցաւ եր­կու վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­ներ Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեա­նի եւ ­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեա­նի ու ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ, ո­րոնք բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­ցին շէն­քի շրջա­բա­կին մէջ։ ­Կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ տնօ­րէն­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ու­սում­նա­կան ծրա­գիր­նե­րուն, հա­յե­ցի կրթու­թեան, վար­ժա­րան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ինչ­պէս նաեւ այն բո­լոր ճի­գե­րուն, ո­րոնք եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ի գործ դրո­ւած են ջամ­բե­լու հա­մար հա­յոց լե­զուն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը հայ ա­շա­կեր­տու­թեան մօտ։ ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ մտեր­միկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ զրոյց, նաեւ դես­պա­նը ծա­նօ­թա­ցաւ շէն­քի բո­լոր բա­ժին­նե­րուն եւ գոր­ծու­նէու­թեան, իր ակմ­բա­յին եւ միու­թե­նա­կան գոր­ծա­ծու­թեամբ։

­Գո­քի­նիոյ մէջ, դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի ­Հայ­կա­նոյշ ­Մի­նա­սեա­նին կող­մէ եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ այ­ցե­լել դա­սա­րան­նե­րը ու ծա­նօ­թա­նալ ա­շա­կեր­տու­թեան։

­Պա­տեհ ա­ռի­թը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թեան հա­մար, ուր դես­պա­նին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ վար­ժա­րա­նի պատ­մու­թիւ­նը գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն մին­չեւ այ­սօր, ինչ­պէս նաեւ կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու գոր­ծե­լա­ձե­ւը եւ կի­րար­կու­մը։

Եր­կու շրջան­նե­րուն մէջ, իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ա­շա­կեր­տու­թեան, դես­պա­նը ընդգ­ծեց հա­յե­ցի կրթու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ըն­տա­նի­քէն եւ դպրո­ցէն ներս հա­յե­րէն լե­զուն խօ­սե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ հայ­րե­նի­քին հան­դէպ սէր ու հե­տաքրք­րու­թիւն զար­գաց­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ ­Դես­պա­նը յոր­դո­րեց բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լել ­Հա­յաս­տան եւ զգալ հայ­րե­նի ո­գին ու շուն­չը, ո­րոնց մա­սին ա­նընդ­հատ կը ծա­նօ­թա­նան ի­րենց կրթա­կան կեան­քին ըն­թաց­քին։ Ան նաեւ ա­ռա­ջար­կեց, որ ա­շա­կերտ­նե­րու ձե­ռա­յին ու մտա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս­ներ կազ­մա­կեր­պո­ւին դես­պա­նա­տան մէջ, որ­պէս­զի հոն այ­ցե­լու­նե­րը եւս ծա­նօ­թա­նան յու­նա­հայ կրթա­կան կեան­քին։

Ն­շենք, որ նա­խակր­թա­րա­նի ու ման­կա­պար­տէ­զի դա­սա­րան­նե­րուն մէջ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ ինք­նա­բուխ փոքր յայ­տա­գիր ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ։