Խստօրէն Կը Դատապարտեմ Ազրպէյճանական Պետութեան Շարունակուող Յանցաւոր Քաղաքականութիւնը. ՄԻՊ-ի Կոչը Միջազգային Կազմակերպութիւններուն եւ Դիւանագիտական Առաքելութիւններուն

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Արցախի մէջ մտեղծուած իրավիճակին վրայ.

Ազրպէյճանական կողմը արդէն շուրջ մէկ շաբաթ է՝ թոյլ չի տար Արցախի ներկայացուցիչներուն վերականգնել կազատարի ենթադրեալ «խափանումը»։ Այդպիսով՝ աւելի քան 100,000 մարդ՝ եղանակային ցուրտ պայմաններու մէջ զրկուած է ջեռուցման հնարաւորութենէ։ Զուգահեռաբար, պարբերաբար կ՝անջատուի ելեկտրականութիւնը։ Ասիկա ալ աւելի կը խորացնէ մարդկայնական այն ծանր իրավիճակը, որ ստեղծուած է պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք։

Իբրեւ արդիւնք՝ հիւանդանոցներ, դպրոցներ, մանկապարտէզներ, տեղահանուածներու ժամանակաւոր կացարաններ զրկուած են ապրելու տարրական պայմաններէն, հնարաւոր չէ իրացնել անձերու առողջապահական, երեխաներու կրթութեան իրաւունքը։

Բացի այս, ազրպէյճանական զինուած ուժերը արդէն մէկ շաբաթ է, որ կը շարունակեն կրակել Արցախի գիւղերու խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ. Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղ, Ասկերան քաղաք, Մարտունիի շրջանի Կարմիր շուկա եւ Խնուշինակ գիւղեր։ Խրամորթի մէջ վիրաւորուած էր մէկ քաղաքացի։

Այս ամէնը միտուած է Արցախի մէջ ապրող մարդոց մէջ վախի, ահաբեկման մթնոլորտը պահպանելուն՝ նպատակ ունենալով հայաթափել ու ցեղական զտման ենթարկել Արցախը իր բնիկ հայերէն։

Խստօրէն կը դատապարտեմ ազրպէյճանական պետութեան շարունակուող յանցաւոր քաղաքականութիւնը։ Կոչ կ՝ընեմ միջազգային կազմակերպութիւններուն յստակ արձագանգել իրավիճակին ու աւելցնել ճնշումը Ազրպէյճանի նկատմամբ այս յանցաւոր վարքագիծը դադրեցնելու համար։

Մարդու իրաւունքները համընդանուր են, անոնք պէտք է դուրս դիտուին աշխարհաքաղաքական հանգամանքէն։

Այս հաղորդագրութիւնը ուղարկուած է միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ դիւանագիտական առաքելութիւններուն։

«Ապառաժ»