Եւրոխորհրդարանը Բանաձեւ Ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայկական Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր, Եւրոպական խորհրդարանը (ԵԽ) հրատապ ընթացակարգով եւ ճնշող մեծամասնութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ բանաձեւ ընդունեց։

Մանրամասն անդրադառնալով խնդրի էութեան՝ ԵԽ լիագումար նիստի ընթացքին քննադատուեցաւ Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան դէմ Ազրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը։ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը դիտարկուի իբրեւ այդ երկրին մէջ պետական մակարդակով տարուող, համակարգուած հայատեաց քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս։ Եւրոխորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՝օգտագործուի «արմէնոֆոպիա» եզրոյթը։ Կը շեշտուի, որ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումէն բացի Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան դրսեւորումներէն են նաեւ պատմութեան սրբագրումը, հայերու նկատմամբ բռնութեան փառաբանումը, Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային պահանջները, որ կը վտանգէ խաղաղութիւնը եւ կը խաթարէ անվտանգութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։

Եւրոխորհրդարանը կը քննադատէ Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական, ռազմատենչ քաղաքականութիւնը եւ կոչ կ՝ընէ Ազրպէյճանին հրաժարելու առաւելապաշտական նկրտումներէն։ Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը դեռ կարգաւորուած չէ, եւ որ անիկա պէտք է յստակեցուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս։

Եւրոխորհրդարանը Ազրպէյճանէն կը պահանջէ UNESCO-ին անյապաղ թոյլ տալու իրականացնելու իր առաքելութիւնը այնտեղ՝ խորհրդակցելով նաեւ հայ մասնագէտներու հետ եւ կ՝առաջարկէ օգտագործել Եւրոմիութեան արբանեակային հնարաւորութիւնները փաստերը արձանագրելու համար։ Կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան հետքերու վերացումը տեղի կ՝ունենայ ոչ միայն կոթողները ոչնչացնելով եւ վնասելով, այլեւ պատմութիւնը կեղծելով եւ փորձելով զանոնք ներկայացնել իբրեւ այսպէս կոչուած Կովկասեան Ալպանիայի ժառանգութիւն։ Այս ծիրէն ներս կը նշուի Ազրպէյճանի մշայկոյթի նախարարութեան կողմէ սոյն տարուան Փետրուարին աշխատանքային խումբի ստեղծման մասին, որուն նպատակը պատմութեան սրբագրումն է։

Ըստ «Երկիր»-ի՝ անդրադառնալով ԵԽ բանաձեւին՝ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան կը շեշտէ․ «Վերջին ամիսներուն Եւրոպատգամաւորներու հետ տարուող անդադրում եւ նպատակաուղղուած իրազեկման աշխատանքը թէ՛ Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ դեսպանատան, թէ՛ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին կողմէ տուին իրենց արդիւնքը։ Անոր նպաստեցին նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի այցը Պրիւքսէլ, Եւրոխորհրդարանի մէջ Փետրուարին Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի վերակազմումը, ինչպէս նաեւ Յունուարին ՀՀ նախկին ՄԻՊ Արման Թաթոյեանի այցը Պրիւքսէլ»։

«Փաստ է, որ Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով տարուող հայատեաց քաղաքականութիւնը։ Ասիկա կարեւոր լծակ է Ազրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու եւ այդ երկրի բարբարոսական քաղաքականութեան վերաբերեալ բարձրաձայնելու համար»,- ամփոփած է Գասպար Կարապետեան։