Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուսուցչաց Տօնին Առիթով Նիւթապէս Կը Գնահատէ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Ուսուցիչները

Սփիւռք

Ուսուցչաց Տօնին առիթով, 9 Մարտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ ուսուցիչներուն:

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նիւթական օժանդակութիւն կատարեց Լիբանանի (662) եւ Սուրիոյ (400) անխտիր բոլոր վարժարաններու ուսուցիչներուն:

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ յիշեալ երկիրներուն դիմագրաւած տնտեսական տագնապին լոյսին տակ՝ մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն առընթեր, հրամայական է յատուկ ուշադրութիւն ընծայել մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան լծուած մեր ուսուցիչներուն:

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հետեւողական կերպով ընկերային ծառայութեան ճամբով կ’օժանդակէ համայնքային կառոյցներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն: