Հայ Մարմնամարզիկները Աշխարհի Բաժակի Ախոյեաններ Են

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Տոհայի մէջ ընթացող աշխարհի բաժակի խաղարկութեան հերթական փուլի օղակներու վարժութեան՝ Վահագն Դաւթեան հաւաքելով 14.700 միաւոր գրաւեց առաջին տեղը, իսկ Արթուր Աւետիսեանը՝ 14.500 միաւորով երկրորդն է: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Վահագն Դաւթեանը դարձաւ ոսկիէ, իսկ Արթուր Աւետիսեանը արծաթէ մետալակիր աշխարհի բաժակի խաղարկութեան:

Նախապէս աշխարհի բաժակի խաղարկութեան նժոյգ-թափերու վարժութեան Յարութիւն Մերտինեան դարձած էր պրոնզէ մետալակիր:

Օրեր առաջ ալ Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մեդալակիր Արթուր Դաւթեանն ալ աշխարհի բաժակի խաղարկութեան գերմանական փուլին նուաճած էր ոսկիէ մետալ։