Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Մէջ Գումարուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովը

Հայաստան, Սփիւռք

Մարտ 7-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը:

Ժողովը բացուեցաաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Նորին Սրբութիւնը առանձնակի գոհունակութեամբ ընդգծեց Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի մասնակցութիւնը ԳՀԽ-ին:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շնորհաւորեց Հոգեշնորհ Տ. Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեանը՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով՝ մաղթելով արդիւնաւէտ առաքելութիւն։

Ժողովի օրակարգին ընդգրկուած են ազգային, եկեղեցա-վարչական, իրաւական, կանոնական եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման առնչուած հարցեր: