Արցախը 14 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկած է Ուքրանիա

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Քիեւի եւ Զափորոժիէի բնակիչներուն:

Ըստ Yerkirmedia.am-ի՝ Արցախի տեղեկատուական շտաբէն յայտնած են, որ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Ուքրանիոյ Կիեւի եւ Զափորոժիէի շրջաններու բնակիչներուն ուղարկուած է 14 թոն մարդասիրական օգնութիւն՝ տեղական արտադրութեան առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու տեսքով:

Մարդասիրական օգնութիւնը ուղարկուած է Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով: