Թշնամիի Կրակոցէն Պայմանագրային Զինծառայող Մը Զոհուած է

Աշխարհ, Հայաստան

Մարտ 7-ին՝ ժամը 12։40-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները նշանառու կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւմտեան հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած է ՀՀ ԶՈՒ երկու զինծառայող։ Անոնցմէ մէկը՝ ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող սերժանտ Հրաչ Արամի Մանասարեանը, հիւանդանոց տեղափոխուելու ճանապարհին մահացած է։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ-էն:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Վիրաւոր միւս զինծառայողի կեանքին վտանգ չկայ։