Առաջին Անգամ Եւրոխորհրդարանը Իր Բանաձեւին Մէջ Կը Նշէ «Արմէնոֆոպիա» Եզրոյթը․ Արցախի Յուշարձաններու Խնդիրը Օրակարգի Վրայ է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման» մասին բանաձեւի նախագիծը ներառուած է Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգ եւ վաղը նախատեսուած է քուէարկութիւնը։ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը հսկայական աշխատանք տարած է՝ հայանպաստ եւ Ազրպէյճանի վանտալութիւնը դատապարտող այս բանաձեւը նիստ մտցնելու համար։

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեան Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, թէ ամիսներ տեւող նպատակաուղղուած եւ աշխոյժ աշխատանքի արդիւնք է արդէն այն փաստը, որ բանաձեւին նախագիծը ներառուած է Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգ։

«Այդ աշխատանքը շատ աշխոյժ իրականացուած է ինչպէս Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ դեսպանատան կողմէ, այնպէս ալ, անշուշտ, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը իր ամբողջ ուժով եւ բոլոր լծակներով մասնակցած է այս աշխատանքին»,- ըսած է գրասենեակի գործադիր տնօրէնը։

Ան նշած է, որ բանաձեւը մանրամասն կ՝անդրադառնայ Արցախի մէջ պատմամշակութային ժառանգութեան  ոչնչացման։

«Շատ կարեւոր դրոյթներէն մէկը այն է, որ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը դիտարկուի Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով տարուող եւ խրախուսուող հայատեացութեան քաղաքականութեան ծիրէն ներս։ Այսինքն, կրնանք արձանագրել, որ առաջին անգամ Եւրոպական խորհրդարանը իր բանաձեւին մէջ կը նշէ «հայատեացութիւն» կամ «արմէնոֆոպիա» եզրոյթը։ Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ պատգամաւորներու մէջ արդէն յստակ ձեւաւորուած է այդ կարծիքը, անոնք շատ լաւ տեղեկացուած են, թէ Ազրպէյճանի մէջ ինչպէս պետական մակարդակով այդ քաղաքականութիւնը կը խրախուսուի եւ, հետեւաբար, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը դիտարկուի նաեւ իբրեւ այս քաղաքականութեան մէկ մաս»,- ըսած է Հեղինէ Էւինեան։

Միւս կարեւոր դրոյթը ան կը համարէ, որ Եւրոխորհրրդարանը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական եւ ռազմատենչ քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ եւ կոչ կ՝ընէ Ազրպէյճանին հրաժարելու իր ծայրայեղական նպատակներէն։

«Նաեւ կը շեշտուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը դեռ որոշուած չէ, եւ որ անիկա պէտք է յստականայ ԵԱՀԿ ՄԽ ծիրէն ներս։ Ինչպէս գիտենք, Ազրպէյճանը շատ աշխոյժ եւ հսկայական աշխատանք կը տանի նոյնինքն այն ուղղութեամբ, որ կարծիք ձեւաւորուի, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը այլեւս գոյութիւն չունի եւ նաեւ հարցի կարգաւորման իրաւասութիւն չունի»,- ըսած է ան։

Բանաձեւը, այլ դրութեամբ մը, Ազրպէյճանին կոչ կ՝ընէ անյապաղ արտօնելու UNESCO-ին՝ իրականացնելու իր առաքելութիւնը եւ տեղւոյն վրայ արձանագրելու իրավիճակը, եւ նաեւ խորհրդակցելու հայ մասնագէտներու հետ։ Անիկա կը քննադատէ Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ աշխատանքային խումբի ստեղծումը, որուն նպատակը պատմութեան սրբագրումն է։

Ամբողջական հարցազրոյցը՝ տեսանիւթով․