Ազրպէյճանական Կողմը Կրակած է Երասխի Ուղղութեամբ

Հայաստան

Մարտ 9-ին, ժամը 13։10-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւմտեան հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:


Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուած է։ Ժամը 15։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը սահմանի այդ հատուածին վրայ եղած է յարաբերականօրէն կայուն։