Կրթութիւնը Եւ Սեռային Իրաւահաւասարութիւնը (Կիներու Եւ Ուսուցչաց Տօներուն Առիթներով). «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Մէկ օր տարբերութեամբ Լիբանանի մէջ կը նշուին կիներու եւ ուսուցիչներու տօները: Այս իրերայաջորդականութիւնը հետզհետէ այն համոզումը կը փոխանցէ, որ զուտ թուականի հետ կապ չունի, այլ իմաստային կապ:

Լիբանանի մէջ ուսուցչական կազմերու մեծամասնութիւնը կիներ են: Իրողութեան հիմնական պատճառներուն մասին գիտական ուսումնասիրութիւններ կը պակսին հաւանաբար: Այնուամենայնիւ տղամարդոց հեռացումը ուսուցչական ասպարէզէն տեսանելի միտում է:

Մանկավարժութիւնը մասնագիտութիւն է, եւ այդ մասնագիտութեան հետեւողներուն  մեծամասնութիւնը եւս կիներ են, ինչ որ մտածել կու տայ, որ հեռանկարը եւս այս առումով նոյն պատկերը պիտի ձեւաւորէ:

Կրթութեան ոլորտը սակայն միայն ուսուցչութիւն չէ անշուշտ.  դպրոցավարութիւնը, վարչական բաժանմունքը, դասագիրքերու պատրաստութիւնը, մանկավարժներու որակաւորումը ուղղութիւններ են կրթութեան մարզին մէջ: Անհրաժեշտ տուեալներ չկան, որ ընդհանրապէս այդ ոլորտներուն մէջ սեռային իրաւահաւասարութիւնը որքա՛ն խախտած է:

Տակաւի՛ն. կրթութիւնը նաեւ գերատեսչութիւն է, նախարարութիւն եւ ամբողջ համապատասխան բաժանմունքներով ամբողջ համակարգ: Այդտեղ չի թուիր, որ ճնշիչ մեծամասնութիւնը կիներ են:

Խնդիրը ուրեմն կրթութեան մարզէն աւելի ուղղակի յատկապէս երեխաներու հետ ուղղակի մանկավարժութեան հետ կապուած է: Կարծէք տան մէջ մօր դաստիարակութենէն ետք դպրոցին մէջ մանկապարտէզէն սկսեալ դարձեալ կնոջ վստահուած պարտականութիւն է, որ կը շարունակուի:

Ասիկա կարծրատի՞պ է, թէ՞ նաեւ մասնագիտական առումով ընդունուած տեսութիւն, հաւանաբար քննարկելի նիւթ է: Բայց փաստ է, որ ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի մէջ, այլեւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ յատկապէս մանկապարտէզի ուսուցիչները կիներ են:

Ուրեմն աւելի հասարակագիտական մօտեցումով մարդու կազմաւորման, հոգեմտաւոր դաստիարակութեան ամէնէն կարեւոր փուլերուն ձեւաւորումը յանձնուած է կիներուն:

Եւ եթէ համոզուած ենք, որ ընկերութիւններու մէջ կրթութիւնն է, որ կը յաջողի կոտրել կարծրատիպերը, անհպելի դարձնել մարդու իրաւունքները, մերժել տալ բռնութիւնը, չդասակարգել կիները, եւ այս պարագային առաջադրել սեռային իրաւահաւասարութիւնը, ապա հիմնական պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ կիներուն ուսերուն:

Ճշդուող չափաբաժինները չեն լուծեր խնդիրը: Հանրային թէ պետական պատասխանատուութիւններու ստանձնման համար չափաբաժինը այս պարագային կրնայ սահմանափակել այլոց իրաւունքները: Մանաւանդ ընտրովի պաշտօնները պէտք  չէ չափաբաժնել: Գիտակից մօտեցումն է, որ կը գերադասէ մարդոց հմտութիւնը, մասնագիտութիւնը կամ նուիրուածութիւնը, անկախ սեռէն:

Կարծրատիպերը չեն վերաբերիր միայն ուսուցչական ասպարէզին: Կարծրատիպերը քանդելը սակայն քաղաքացիական կրթութեան հետ պայմանաւորուած է: Կրթութիւնը ուսուցում է հիմնականին մէջ. իսկ ուսուցումը ստանձնած են հիմնականին մէջ կիները: Կիներն են, որոնք պիտի հաստատեն սեռային գիտակցական իրաւահաւասարութեան համակարգը: