Ռումանիոյ Հայոց Թեմը Իր Անվերապահ Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման

Հայաստան, Սփիւռք

Ռումանիոյ հայոց թեմը՝ ի դէմս թեմակալ առաջնորդի, թեմական Պատգամաւորական ժողովի եւ թեմական խորհուրդի անդամներու, մեր Հայրենիքի համար դժուար այս օրերուն իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժման եւ խստօրէն կը դատապարտէ ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը, որ չի բխիր աշխարհասփիւռ հայութեան եւ մեր պետականութեան ազգային շահէն եւ աներկբայ ձեւով կը պաշտպանէ ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը։

Տաւուշի մարզէն որոշ տարածքներու յանձնման, միակողմանի զիջումներով այսպէս կոչուած «սահմանազատման» գործընթացը խստօրէն դատապարտելի է եւ կը կազմակերպուի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ ընդունուած անթուլատրելի որոշումներու հիման վրայ։ Անիկա զուրկ է իրաւական հիմքերէ, կը հակասէ սահմանազատման միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշներուն եւ ՀՀ համար կրնայ ստեղծել անվտանգային լուրջ սպառնալիքներ։ Տաւուշի մարզի չորս գիւղերու յանձնումը թշնամիի անմիջական նշանառութեան տակ կը դնէ նաեւ մեր միջպետական ճանապարհները, որոնք ռազմագիտական կարեւոր նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար։ Այսպէս կոչուած «սահմանազատման» այս գործընթացը միանշանակ անվտանգային լուրջ խնդիրներ կրնայ ստեղծել ոչ միայն ամբողջ Հայաստանի համար, այլեւ վստահաբար կրնայ յանգեցնել Տաւուշի մարզի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակչութեան արտագաղթին ու հայաթափման։

Հայոց Եկեղեցին ի Սփիւռս աշխարհի, իր հայ հաւատացեալներով եւ հայ եկեղեցականը, որ անձնուիրաբար կը ծառայէ Սփիւռքի մէջ, դէմ չէ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման, որուն առաքեալներն ենք, սակայն մենք դէմ ենք այն միջոցներուն ու գործիքակազմին, որմով կ՝առաջնորդուին ներկայ իշխանութիւնները։ Հայ Եկեղեցին ի Սփիւռս աշխարհի եւ հայ եկեղեցականը մշտապէս խոնարհութեամբ ծառայած է իր ժողովուրդին եւ Հայրենիքին, բայց խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան հետ մէկտեղ միշտ եղած է բարձունքի վրայ՝ երբեք ծունկի չգալով անոնց առջեւ, որոնք դարերու հոլովոյթին մէջ փորձած են ծունկի բերել մեզ՝ ըլլայ հայ ազգի ներքին, թէ օտարազգի արտաքին թշնամի։ Խաղաղութեան դարաշրջանին կրնանք հասնիլ միայն թշնամիին իր տեղը ցոյց տալով եւ արժանապատիւ դիրքէ բանակցելով։

Այս առումով մենք լիովին կը սատարենք եւ մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժման եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ գերշ․ Տ․ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանին եւ բոլոր այն հայրենասէր անձերուն, որոնք կը պայքարին ՀՀ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան համար։ Այսօր խարխլուած են անկախ պետականութեան հիմքերը եւ անհրաժեշտ է օր առաջ դարձեալ համախմբուիլ, մէկ կողմ դնել ամէն տեսակ տարաձայնութիւն, ազգային միաբանութեան ոգիով ու հանդուրժողականութեամբ լծուիլ Հայրենիքի պաշտպանութեան ու բարգաւաճման սրբազան առաքելութեան, որպէսզի մեր զաւակները եւս ժառանգեն ազատ, անկախ, հզօր ու բարօր Հայրենիք:

Կ՝աղօթենք Հայաստանի եւ համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման, մեր Հայրենիքէն ներս ապահով ու անվտանգ կեցութեան, հայոց պետականութեան անսասանութեան ու զօրացման համար։

Տ․ Տաթև եպիսկոպոս Յակոբեան

Առաջնորդ Ռումանիոյ թեմի հայոց

Առաջնորդական տեղապահ Պուլկարիոյ հայոց թեմի

Հայրապետական պատուիրակ Պալգանեան երկիրներու