Դամասկոսի Հայոց Թեմը Իր Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման

Հայաստան, Սփիւռք

Դամասկոսի Հայոց թեմը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած՝ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման:

«Մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին, Կիրանցի մէջ կատարուող վտանգաւոր դէպքերուն, որոնք կը վտանգեն համայն հայութեան ազգային միասնութիւնը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։