Category: Հայաստան
Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ի Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ: ՀՀ վարչապետը այս մասին գրած է Facebook-ի իր էջին: «Անոր ներկայացուցի Հայաստանի մէջ ընթացող գործընթացները՝ արձանագրելով, […]
Արձանագրուած Յաջողութիւնները Հնարաւոր է Պահպանել Միայն Սիրոյ Ոգիի Ամրապնդումով. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ուղերձը
Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ մեր, Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք անցնող քանի մը ժամերուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրինայարգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները հնարաւոր է […]
ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Հանդէս Եկած է Յայտարարութեամբ
ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ ՀՀ վարչապետի՝ երկրի բոլոր դատարաններու ելքերն ու մուտքերը արգելափակելու կոչին վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անհրաժեշտ կը […]
Մարդիկ Արգելափակած են ՀՀ Դատարաններուն Մուտքերը
Հետեւելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին՝ մարդիկ այսօր առաւօտէն արգելափակած են դատարաններու շէնքերուն մուտքերը: Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին՝ ժամը 8:30-էն արգելափակուած է, մասնաւորապէս, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Նոր Նորքի նստավայրին մուտքը: […]
ՀՀ Իշխանութեան Ճիւղերը Պէտք է Արտացոլեն Հայաստանի Ժողովուրդի Հաւաքական Կամքը եւ Ծառայեն Սահմանադրական Նպատակներուն. Արմէն Սարգսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկած է ուղերձով։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան Հետ կապերու վարչութիւնը։ «Սիրելի հայրենակիցնե՛ր, Այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական գործընթացները անշրջելի են, պէտք չէ որեւէ մէկուն մէջ երկմտանք յառաջացնէ ոչ Հայաստանի, ոչ ալ անոր սահմաններէն դուրս: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին։ Հետեւաբար, ՀՀ իշխանութեան ճիւղերը՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական, պէտք է արտացոլեն Հայաստանի ժողովուրդի հաւաքական կամքը եւ ծառայեն իրենց սահմանադրական նպատակներուն։ Ուստի կոչ կ’ընեմ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն, անկախ զբաղեցուցած հասարակական ու քաղաքական դիրքէն եւ պաշտօնէն՝ պահպանել հանգստութիւն եւ հանդարտութիւն, պահպանել սահմանադրութիւնն ու օրէնքները։ Այս պահուն աշխատանքային այցով գտնուելով արտերկիր՝ անընդհատ կապի մէջ եմ համապատասխան պետական մարմիններու հետ: […]
Սպիտակի Մէջ Պիտի Գործէ Խնամքի Ցերեկային Կեդրոն
Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքին մէջ վերաբացուած է Տարածքային մանկավարժական եւ հոգեբանական աջակցութեան կեդրոնը, որ այսուհետեւ յատուկ կարիքով շուրջ 100 երեխաներու պիտի մատուցէ նաեւ ցերեկային խնամքի ծառայութիւն: Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութենէն […]
Հայաստանի Ապագան Սերտօրէն Կապուած է Նոր Արհեստագիտութիւններու Հետ. ՀՀ Նախագահը Հանդիպած է Nokia-ի Տնօրէններու Խորհուրդի Նախագահին Հետ
Նուր Սսուլթանի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական 12-րդ ամենամեայ ֆորումի մասնակցող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպած է հանրայայտ Nokia ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Ռիսթօ Սիլասմայի հետ: Խօսելով աշխարհի մէջ տեղի […]
21-րդ Դարը Հայերու Դարն է. Արմէն Սարգսեան Մասնակցած է «Համագործակցութեան Համաշխարհային Համակարգի Փլուզման Վտանգները» Խորագիրով Քննարկման
Աշխատանքային այցով Ղազախստան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ Նուր-Սուլթանի մէջ իրականացուող տնտեսական 12-րդ ամենամեայ նիստին ծիրէն ներս՝ մասնակցած է «Համագործակցութեան համաշխարհային համակարգի փլուզման վտանգները» խորագիրով քննարկման: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի […]
Երեւանի Պետական Համալսարանի Հիմնադրման 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկները Մեկնարկեցին Գիւմրիէն
Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ, ուսանողական ցուցադրական բեմադրութեամբ՝ ազդարարուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ Ուսանողները զանազան ոճերու երաժշտութեան հետ հանդէս եկան պարային […]
Թրքական Բանտէն Փախած Պոլսահայ Մտաւորական Սեւան Նիշանեան ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստացած է
Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նիշանեան, Մայիս 16-ին, Աթէնքի մէջ ՀՀ դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած արարողութեան ժամանակ՝ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանէն ստացած է ՀՀ անձնագիր: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Նիշանեան գրած է […]










