Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ի Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ: ՀՀ վարչապետը այս մասին գրած է Facebook-ի իր էջին:

«Անոր ներկայացուցի Հայաստանի մէջ ընթացող գործընթացները՝ արձանագրելով, որ տեղի կ՝ունենայ ժողովուրդի, այսինքն՝ սահմանադրական իշխանութեան ամրապնդման՝ մասնաւորապէս անկախ եւ անաչառ դատարան ունենալուն ուղղուած գործընթացներ, որոնց էութեան եւ բովանդակութեան մասին պիտի խօսիմ քիչ ետք՝ նախատեսուած ելոյթով»,- գրած է ՀՀ վարչապետը: