Ատրպէյճանի Մէջ Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ Սկսած են

Աշխարհ

Մայիս 20-ին, Ատրպէյճանի մէջ սկսած են լայնածաւալ անմիջական-վարուելագիտական զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցին զօրքերու, զօրամիաւորումներու եւ ազգային բանակի միաւորումներու տարբեր տեսակներ:

Ըստ Tert.am-ի տեղեկութիւններուն՝ զօրավարժութիւնները կ՝իրականացուին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի ղեկավարութեան ներքոյ:

Զօրավարժութիւններուն հիմնական թեման գիշերային ժամերուն հակառակորդի յարձակման հակադարձումն է՝ տարբեր ուղղութիւններով հակահարուածներ հասցնելով, գրոհի անցնելով:

Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցի մինչեւ 10,000 զինծառայող, 150 միաւոր հրասայլ եւ այլ զրահամեքենայ, տարբեր տրամաչափի մինչեւ 200 հրթիռահրետանային համակարգ, համազարկային կրակի համակարգ եւ ականանետ, մինչեւ 35 ինքնաթիռ եւ ուղղաթիռ:

Զօրավարժութիւնները կը շարունակուին մինչեւ Մայիս 24: