ՀՀ Իշխանութեան Ճիւղերը Պէտք է Արտացոլեն Հայաստանի Ժողովուրդի Հաւաքական Կամքը եւ Ծառայեն Սահմանադրական Նպատակներուն. Արմէն Սարգսեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկած է ուղերձով։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան Հետ կապերու վարչութիւնը։

«Սիրելի հայրենակիցնե՛ր,

Այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական գործընթացները անշրջելի են, պէտք չէ որեւէ մէկուն մէջ

երկմտանք յառաջացնէ ոչ Հայաստանի, ոչ ալ անոր սահմաններէն դուրս:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին։ Հետեւաբար, ՀՀ իշխանութեան ճիւղերը՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական,   պէտք է արտացոլեն Հայաստանի ժողովուրդի հաւաքական կամքը եւ ծառայեն իրենց սահմանադրական նպատակներուն։

Ուստի կոչ կ’ընեմ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն, անկախ զբաղեցուցած հասարակական ու քաղաքական դիրքէն եւ պաշտօնէն՝ պահպանել հանգստութիւն եւ հանդարտութիւն,

պահպանել սահմանադրութիւնն ու օրէնքները։

Այս պահուն աշխատանքային այցով գտնուելով արտերկիր՝ անընդհատ կապի մէջ եմ

համապատասխան պետական մարմիններու հետ:

Կը յորդորեմ, որ սթափութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը գերակայ ըլլայ այս օրերուն:

Աստուած պահապան բոլորիս»: