Թրքական Բանտէն Փախած Պոլսահայ Մտաւորական Սեւան Նիշանեան ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստացած է

Հայաստան, Սփիւռք

Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նիշանեան, Մայիս 16-ին, Աթէնքի մէջ ՀՀ դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած արարողութեան ժամանակ՝ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանէն ստացած է ՀՀ անձնագիր: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Նիշանեան գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ:

«Մէկ անգամ եւս հպարտութիւն զգացի՝ մաս կազմելով աշխատասէր ու խաղաղասէր ազգի, որ պատմութեան ընթացքին կանգուն մնացած է միայն իր աշխատանքին շնորհիւ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նախ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին ինծի արժանանալու այս պատուին»,- նշած է Նիշանեան:

Նիշանեան, որ 2014-էն կը գտնուէր Թուրքիոյ բանտին մէջ եւ դատապարտուած էր 17 տարուան ազատազրկման, 2017 Յուլիս 14-ին՝ օգտուած էր բանտէն դուրս գալու հնարաւորութենէն, սակայն այդպէս ալ ետ չէր դարձած ֆոչայի բաց վարչաձեւի բանտ: Նիշանեան փախուստի մասին յայտնած էր Twitter-ի իր էջին միջոցով, նշելով,- «Թռչունը թռաւ. տարոսը մնացած ութսուն միլիոնին»։

Պոլսահայ մտաւորականը կրցած էր մեկնիլ Յունաստան եւ կարճ ժամանակ անց տեղի իշխանութիւններէն ստացած էր ժամանակաւոր կեցութեան իրաւունք:

Յիշեցնենք, որ Սեւան Նիշանեան Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած էր, որովհետեւ Իզմիրի Շիրինջէ գիւղի իր սեփական այգին մէջ «ապօրինի» շինարարութիւն կատարած էր: