Երեւանի Մէջ Պիտի Կառուցուի 35-40 Հազար Հանդիսական Տեղաւորող Մարզադաշտ

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Ազգային մարզադաշտը, որ պիտի ունենայ միջազգային չափանիշներ եւ պիտի տեղաւորէ մօտ 35-40 հազար հանդիսական, «Ֆէյսպուք»ի ուղիղ միացման ժամանակ յայտնեց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան: «Ապրիլ ամսուան վերջը մեկնած էի Միացեալ […]

Հայաստան Կը Մասնակցի Ուաշինկթընի Կրօնական Ազատութիւններուն Նուիրուած Համաժողովին

Ուաշինկթընի մէջ շուրջ հարիւր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ՝ կրօնական հետապնդումներ եւ յարձակումներ վերապրածներու հետ միասին, կը մասնակցին Կրօնական ազատութիւններուն նուիրուած համաժողովին: Մասնակիցներուն շարքին է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ […]

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Թէժ Գիծը Կ՛աշխատի, Բայց Ատիկա Չ՛երաշխաւորեր, Որ Մենք Զոհեր Չունենանք. Փաշինեան

Երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ թէժ գիծի վերաբերեալ հարցին: Ան նշեց, որ թէժ գիծը կ՛աշխատի, բայց ատիկա չ՛երաշխաւորեր, որ […]

Արարատ Միրզոյեան Փելոսիի Հետ Քննարկեց Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները

Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Յուլիս 16-ին հանդիպում ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի հետ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան վարչութիւնը: […]

Ատրպէյճան Նախիջեւանի Կողմէ Կրակեց Ելփին Գիւղին Վրայ

 Ատրպեճանական բանակը, խախտելով հրադադարը՝ Յուլիս 17 -ի գիշերը Նախիջեւանի հատուածէն կրակոցներ արձակեց հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ: Լուրը հաստատեց պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: «Փամփուշտներէն մէկը ինկած է Ելփին գիւղի տուներէն […]

Համահայկական Խաղերուն Մասնակցողներու Կեցութիւնը Ապահովուած Է

Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան յայտարարեց, որ համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն մասնակցողներուն համար Արցախի մէջ ապահովուած են պանդոկներու մէջ սենեակներ: Կոմիտէն կ՛իրականացնէ 2000-2500 անձերու տեղաւորման հարցին լուծումը: «Հիւրերու […]

Չենք Կրնար Հրաժարիլ Իրանեան Կազէն, Ուաշինկթընի Մէջ Յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան

Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Յուլիս 15-ին, «Atlantic Council» կեդրոնին մէջ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, թէ Հայաստան չի կրնար հրաժարիլ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ Իրանէն […]

ՀՀ Այցելած Օտարերկրացիներուն Թիւը Աւելցած է 14.4%-ով

Այս տարուան առաջին 6 ամսուան ընթացքին Հայաստան ժամանած է 14.4 տոկոսով աւելի օտարերկրացի, քան 2018 թուականի առաջին 6 ամիսը: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Զբօսաշրջութեան եղանակը, […]

ՀՀ Լեզուի Կոմիտէն Համացանցի Պաշտօնական Կայք Պիտի Ունենայ

ՀՀ Լեզուի Պետական Կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան յայտարարեց, որ շուտով գործել պիտի սկսի Լեզուի Կոմիտէի պաշտօնական կայքը` langcom.am-ը, որ պիտի ծառայէ իբրեւ կոմիտէի պաշտօնական լրատու եւ լեզուական հարթակ` յագեցած բազմաբնոյթ […]