Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Թէժ Գիծը Կ՛աշխատի, Բայց Ատիկա Չ՛երաշխաւորեր, Որ Մենք Զոհեր Չունենանք. Փաշինեան

Հայաստան

Երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ թէժ գիծի վերաբերեալ հարցին:

Ան նշեց, որ թէժ գիծը կ՛աշխատի, բայց ատիկա չ՛երաշխաւորեր, որ Հայաստանը զոհեր չունենայ:

«Մենք կ՛աշխատինք, որ բանակցութիւնները ունենան յստակ արդիւնք, իսկ ինչո՞ւ անոնք չունին շօշափելի, յստակ արդիւնք: Երբ ես ընտրուեցայ Հայաստանի վարչապետ, յայտարարեցի, որ լուծման որեւէ տարբերակ պէտք է ընդունելի ըլլայ Ղարաբաղի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար:

«Ասիկա աննախադէպ յայտարարութիւն էր, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ մէկ իշխանութիւն նման բան ըսած էր: Ասիկա լուրջ հիմք կը ստեղծէ բանակցային հոլովոյթի յառաջընթացին համար, բայց Ատրպէյճանի նախագահը կը հրաժարի արտաբերել այս նախադասութիւնը, իսկ յառաջընթացին համար ան ալ պէտք է ըսէ, որ տագնապի լուծման տարբերակը պէտք է ընդունելի ըլլայ բոլորին համար», – ըսած է վարչապետ Փաշինեան: