Երեւանի Մէջ Պիտի Կառուցուի 35-40 Հազար Հանդիսական Տեղաւորող Մարզադաշտ

Հայաստան

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Ազգային մարզադաշտը, որ պիտի ունենայ միջազգային չափանիշներ եւ պիտի տեղաւորէ մօտ 35-40 հազար հանդիսական, «Ֆէյսպուք»ի ուղիղ միացման ժամանակ յայտնեց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան:

«Ապրիլ ամսուան վերջը մեկնած էի Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի բանակցութիւններ վարեմ հնարաւոր ներդրողի հետ: Ամերիկեան ներդրողը արդէն իսկ պաշտօնական առաջարկ կազմած է եւ ուղարկած Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւն: Ներդրողը պատրաստ է մինչեւ 300 միլիոն տոլար ներդրում կատարելու Հայաստանի մէջ ՈՒԵՖԱի 4րդ կարգի մարզադաշտ կառուցելու համար: Մարզադաշտը պիտի ունենայ մօտաւորապէս 35-40 հազար նստատեղ եւ միջազգային ամենաբարձր չափանիշներ», ըսած է Լոռեցեան:

Ան շեշտած է, որ մարզադաշտը պիտի կառուցուի Երեւանի տարածքին, քանի որ Երեւանէն դուրս հնարաւր չէ ընդունիլ միջազգային ամենաբարձր մակարդակի հանդիպումներ, ինչպիսին են եւրոպական եզրափակիչները կամ Եւրոպայի ախոյեանութեան խաղերը: