ՀՀ Այցելած Օտարերկրացիներուն Թիւը Աւելցած է 14.4%-ով

Այլեւայլ, Հայաստան

Այս տարուան առաջին 6 ամսուան ընթացքին Հայաստան ժամանած է 14.4 տոկոսով աւելի օտարերկրացի, քան 2018 թուականի առաջին 6 ամիսը:

Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Զբօսաշրջութեան եղանակը, ի դէպ, նոր-նոր կը սկսի: Յոյս ունիմ՝ մեր տնտեսվարողները՝ սկսած վարորդներէն, վերջացած կրպակավարներով, լաւ պիտի ընդունին ժամանող զբօսաշրջիկները:

Մեր երկրէն լաւ տպաւորութիւններով վերադարձած ամէն զբօսաշրջիկ կը բարձրացնէ Հայաստանի միջազգային համարումը եւ կը մեծցնէ երկրի տնտեսական ու զբօսաշրջային գրաւչութիւնը»,- գրած է վարչապետը: