Վենետիկի Յանձնաժողովը Բեղմնաւոր Կը Գնահատէ ՀՀ Իշխանութիւններուն Հետ Գործակցութիւնը. Յայտարարութիւն

Uncategorized

Վենետիկի յանձնաժողովը բեղմնաւոր կը գնահատէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ աշխատանքը, իսկ դատական բարեփոխումներուն առնչութեամբ կարծիք պիտի ներկայացնէ, երբ պատրաստ ըլլան ՀՀ դատական օրէնսգրքի փոփոխութիւնները: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշուած է յանձնաժողովի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ արգասաբեր համագործակցութեան ծիրէն ներս, մասնաւորապէս դատական բարեփոխումներուն հետ կապուած, 2019 Յուլիս 2-ին ՀՀ արդարադատութեան նախարարի եւ Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոյի հետ հանդիպումէն ետք, նախարարը յայտարարած է, որ կ’ակնկալէ յանձնաժողովին կարծիքը Դատական օրէնսգրքի փոփոխութիւններու նախագիծին առնչութեամբ, որոնք ներկայիս կը նախապատրաստուին Եւրոպայի խորհուրդին հետ խորհրդակցութիւններով»,- նշուած է Վենետիկի յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ: