Category: Հայաստան
Արոնեանը Յաղթեց Պուխարեսթի Արագ եւ Կայծակնային Մրցաշարին
Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց խումբի յառաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթած է Պուխարեսթի արագ եւ կայծակնային մրցաշարին։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ արագ ճատրակէն ետք գրոսմայսթըրները մրցած են կայծակնային ճատրակի մէջ, ուր Լեւոն Արոնեան եւ Սերգէյ […]
Արցախի Նախագահը Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 9-ին, Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք, եկեղեցի-հասարակութիւն փոխյարաբերութիւններու, Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող […]
Հայ Դատի Աշխատանքներուն Համար Հանգանակուեցաւ 2.400.000 Տոլար
Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթ-դրամահաւաքը, որուն ընթացքին Հայ Դատի աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ 2.400.000 ամ. տոլար` ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ […]
Ի Խորոց Սրտէ. Տարօն Յարութիւնեանի Անմար Յիշատակին
Բառերն անզօր են մեր վաղամեռիկ ընկերոջ՝ Տարօնի մահուան ցաւն ու վիշտը արտայայտելու համար, յաճախ գրեթէ անհնար է համակերպիլ նոյնիսկ Աստուծոյ կամքին։ Կորուստը մեծ է բոլորիս համար, ցաւը՝ խորունկ ու անսփոփելի։ […]
ՀՅԴՀԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Քրիստինէ Վարդանեանի Սպառիչ Պատասխանները a1plus-ին
ՀՅԴ ՀԵՄ ի կեդրոնական վարչութեան՝ անդամ Քրիստինէ Վարդանեան, կը պատասխանէ a1plus-ի հարցերուն, թէ ինչո՞ւ իրենք նախաձեռնած են ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը պահանջելու ցոյցը։
Ակնայի Մօտակայքը 9-10-րդ Դարու Խաչքար Յայտնաբերուած է
Նոյեմբեր 4-ին, Նորագիւղի բնակիչ Արթուր Յակոբեան, Ակնայի (Աղդամ) մօտակայքը հողը մշակելու ժամանակ, խաչքար յայտնաբերած է: Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արմինէ Հայրապետեան ըսած է, որ իրենց կառոյցի Ասկերանի աշխատակիցները այցելած […]
Զարեհ Սինանեան Ուքրանիոյ Մէջ Հայկական Երիտասարդական Հաւաքին Պիտի Մասնակցի
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան պիտի մեկնի Քիեւ` մասնակցելու Ուքրանիոյ հայ երիտասարդութեան միութեան կազմակերպած Հայկական երիտասարդական հաւաքին: Այս մասին ՀՀ վարչապետի որոշումը հրապարակուած է կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ (e-gov.am): […]
Թումանեանի Թանգարանը Լոյս Ընծայած է Հեղինակին Ստեղծագործութիւնները` Արեւմտահայերէնով (լուսանկարներ)
Յովհաննէս Թումանեանի եւ Լեւոն Շանթի 150-ամեայ յոբելեաններուն առիթով՝ Թումանեանի թանգարանը հրատարակած է Թումանեանի մանկական ստեղծագործութիւններու արեւմտահայերէնի վերածուած գիրքը: Շնորհանդէսը, ըստ Armenpress.am-ի, տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 8-ին, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ: […]
Մենք Անժամկէտ Նստացոյց Յայտարարած Ենք. ՀՅԴ ՀԵՄ Անդամ (տեսանիւթ)
Մենք յայտարարած ենք անժամկէտ նստացոյց, քանի որ կը տեսնենք, որ նախարարը չի պատրաստուիր հետեւութիւններ ընել ստեղծուած իրավիճակէն, ճիշդ հակառակը՝ կը ծաղրէ ցուցարարները՝ անուանելով անդաստիարակ այն երիտասարդները, որոնք խնդիր կը տեսնեն […]
Շիրակի Պետական Համալսարանը Միացած է ՀՅԴ ՀԵՄ Բողոքի Շարժման՝ Արայիկ Յարութիւնեանի Հրաժարականի Պահանջով
Շիրակի պետական համալսարանին մէջ ստորագրահաւաք իրականացուած է Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով։ Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը։ Այսօր, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կը շարունակէ բողոքի շարժումը ԿԳՄՍ նախարարութեան շէնքին առջեւ՝ պահանջելով ՀՀ […]










