Մենք Անժամկէտ Նստացոյց Յայտարարած Ենք. ՀՅԴ ՀԵՄ Անդամ (տեսանիւթ)

Հայաստան

Մենք յայտարարած ենք անժամկէտ նստացոյց, քանի որ կը տեսնենք, որ նախարարը չի պատրաստուիր հետեւութիւններ ընել ստեղծուած իրավիճակէն, ճիշդ հակառակը՝ կը ծաղրէ ցուցարարները՝ անուանելով անդաստիարակ այն երիտասարդները, որոնք խնդիր կը տեսնեն կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ։ Yerkir.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ԿԳՄՍ նախարարութեան շէնքին մօտ ամբողջ գիշերը նստացոյցին մասնակցած՝ ՀՅԴ ՀԵՄ անդամ Արսէն Մարտոյեան:

Անոր խօսքով՝ յաջորդ նախարարը, ինչպէս նաեւ նախարարը նշանակողը պէտք է այս ամէնէն հետեւութիւններ ընեն, հակառակ պարագային ՝կրկին հրաժարականի պահանջ պիտի դրուի, եւ երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը կրկին ոտքի պիտի կանգնին: