Շիրակի Պետական Համալսարանը Միացած է ՀՅԴ ՀԵՄ Բողոքի Շարժման՝ Արայիկ Յարութիւնեանի Հրաժարականի Պահանջով

Հայաստան

Շիրակի պետական համալսարանին մէջ ստորագրահաւաք իրականացուած է Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով։ Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը։

Այսօր, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կը շարունակէ բողոքի շարժումը ԿԳՄՍ նախարարութեան շէնքին առջեւ՝ պահանջելով ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը:

Ցուցարարները ամբողջ գիշեր մնացած են դուրսը՝ նստացոյցի՝ քնապարկերով, ազգային, հայրենասիրական երգեր երգելով եւ հրաժարականի վանկարկումներով:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը Հինգշաբթի օրուընէ բողոքի ցոյցեր կ՝իրականացնէ՝ ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով: Աւելի ուշ անոնք բողոքի ցոյց իրականացուցած էին նաեւ ԿԳՄՍ նախարարութեան շէնքին մօտ:

Նշենք, որ ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեան հանդէս եկած էր առաջարկով, որմով կը նախատեսուի «Հայոց լեզու», «Հայ գրականութիւն» եւ «Հայոց պատմութիւն» դասանիւթերը հանել բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու մէջ դասաւանդուող պարտադիր առարկաներու ցուցակէն: