Արոնեանը Յաղթեց Պուխարեսթի Արագ եւ Կայծակնային Մրցաշարին

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց խումբի յառաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթած է Պուխարեսթի արագ եւ կայծակնային մրցաշարին։

Ըստ Armenpress.am-ի՝ արագ ճատրակէն ետք գրոսմայսթըրները մրցած են կայծակնային ճատրակի մէջ, ուր Լեւոն Արոնեան եւ Սերգէյ Գարեագին, հաւաքելով 20-ական միաւոր, յաղթողը որոշած են թայ-պրէյքի մէջ:

Շախմատիստները իրականացուցած են երկու խաղ` արագ մրցախաղը աւարտած է ոչ-ոքի, իսկ կայծակնայինի ժամանակ յաղթած է Արոնեանը:

Պուխարեսթի Grand ChessTour-ի արագ եւ կայծակնային մրցաշարին կը մասնակցէին Ֆապիանու Գարուանան, Ուեսլի Սոն, Շահրիեար Մամետեարովը, Սերգէյ Գարեագինը, Անիշ Կիրին, Վիշի Անանտը, Վլատիմիր Արդեմիեւը, Լէ Լիեմը եւ Անթոն Գորոպովը: Մրցաշարային ֆոնտը կը կազմէր 150 հազար Ամն տոլար: